Մայրերու Օրուան Տօնակատարութիւն «Թռչնոց Բոյն»-ին Մէջ

Կազմակերպութեամբ «Թռչնոց բոյն»-ի տիկնանց յանձնախումբին, նախագահութեամբ Տալիտա Ճըղալեանի, չորեքշաբթի, 16 մայիսին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, «Թռչնոց բոյն»-ի սեղանատան մէջ տեղի ունեցաւ մայրերու օրուան տօնակատարութիւն` մասնակցութեամբ Վարանդ վրդ. Գորդմոզեանի եւ խնամակալութեան անդամներու:

Աւելի քան 230 հոգի ներկայ եղան ձեռնարկին, որ սկսաւ սեղաններու օրհնութեամբ` Վարանդ վրդ. Գորդմոզեանի կողմէ: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց տիկնանց յանձնախումբի անդամ Ազատ Խանզեթեան: Ան յայտնեց, որ ճաշկերոյթը աւանդութիւն մըն է, որուն ընթացքին ներկաները իրենց նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը կը բերեն, որ «Թռչնոց բոյն»-ի սաները աւելի ուրախ եւ հանգիստ կեանք մը ապրին: Իր խօսքին մէջ ան խնդրեց ներկաներէն, որ չմոռնան ձեռք երկարել անոր, օգնել միշտ, որպէսզի հաստատութիւնը շարունակէ իր առաքելութիւնը: Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ եւ տպաւորիչ յայտագիր, որուն ընթացքին քանի մը արտասանութիւններ կատարեց Մարալ Վարդապետեան, «Թռչնոց բոյն»-ի մանկապարտէզի աշակերտները մեկնաբանեցին խմբային երգեր, պարեր եւ արտասանութիւններ, իսկ մեծ աշակերտները իրենց կարգին ունեցան իրենց մասնակցութիւնը` երգելով եւ արտասանութեամբ, նուիրուած մայրերու տօնին:

Հաստատութեան տնօրէն` Սամուէլ Պոյաճեան, իր խօսքին մէջ շեշտեց հաստատութեան կարեւորութիւնը, անոր մաղթեց շարունակական աշխատանք եւ ներկայացուց թանգարանին ծրագիրը: Յայտագրին իր մասնակցութիւնը բերաւ Անայիս Կետիկեան իր քաղցր ձայնով:

Հանդիսութեան պատգամը փոխանցեց Վարանդ վրդ. Գորդմոզեան` շեշտելով «Թռչնոց բոյն»-ի կատարուած քրիստոնէական դաստիարակութեան աշխատանքին եւ կարեւորութիւնը:

Ներկաներէն բազմաթիւ մայրեր, ԼՕԽ-ի եւ եկեղեցասէր տիկնանց միութիւններու ներկայացուցիչներ կատարեցին նուիրատուութիւններ: Օրուան նուիրատուն եղաւ Տալիտա Ճըղլեան, որ 4000 ամերիկեան տոլար նուիրեց հաստատութեան:

Անխուսափելի վիճակահանութիւնը ուրախացուց բազմաթիւ բախտաւորներ:

Մայրերը ուրախութեամբ եւ հոգեկան գոհունակութեամբ հրաժեշտ առին «Թռչնոց բոյն»-էն:

Share this Article
CATEGORIES