Ասմունքի Եւ Նկարչութեան Միջդպրոցական Մրցոյթ` ՀԲԸՄ «Խօսնակ» Պաշտօնաթերթի Կազմակերպութեամբ

Լիբանանահայ գաղութին մէջ միջդպրոցական մրցոյթները ընթացիկ երեւոյթի վերածուած են կարծէք եւ աշակերտական կեանքին մէջ բաւական մեծ աշխուժութիւն կը ստեղծեն:

Մայիս տասնմէկին այդպիսի մրցոյթի մը կազմակերպիչը ՀԲԸ Միութեան պաշտօնաթերթ «Խօսնակ»-ը  դարձած էր:

Էհրամճեան կեդրոնի սրահին մթնոլորտը յագեցած էր պատանեկան աշխուժով ու մրցոյթին թելադրած  ինքնավստահութեան, վախի, կասկածի ու վճռակամութեան խառն զգացողութիւններով: Մասնակից ինը դպրոցներու Ե. եւ Զ. դասարաններու աղջիկներն ու տղաքը մրցոյթին սկիզբը ազդարարող յայտարարութեան կը սպասէին անհամբեր:

Անժել Միսիսեան աշակերտութեան բարի գալուստ մաղթեց ու բացատրեց, որ մրցոյթը ընդամէնը առիթ է նոր սերունդը ծանօթացնելու իր գրականութեան ու արուեստի մեծերուն եւ իւրաքանչիւր մասնակից ինքնըստինքեան  շահած է արդէն:

Քիչ ետք աշակերտութեան մէկ մասը տեղափոխուեցաւ առաջին յարկ, ուր իւրաքանչիւր մասնակիցի համար նկարչական թուղթ ու գունաւոր մատիտներ պատրաստուած էին: Ե. դասարանցիները գարունը, Զ. դասարանցիներն ալ ամառը պիտի նկարէին իրենց պատկերացուցած ձեւով: Պատանի նկարիչներուն մրցոյթը սկսած էր:

Նոյն պահուն վերի սրահին մէջ ծայր առած էր ասմունքի մրցոյթը եւ ինը վարժարաններու նախակրթարանի աշակերտները մէկ առ մէկ սկսան բեմ բարձրանալ… Նախապէս տրուած պարտադիր կտորը Ե. դասարանցիներուն համար Թէքէեանի «Պիտի իյնաս» բանաստեղծութիւնն էր, իսկ «Տաղ հայերէն լեզուին» բանաստեղծութիւնը վեցերորդցիներուն վերապահուած էր:

Մրցոյթի առաջին բաժնէն ետք կարգը եկաւ ազատ ընտրութեան: Սրահին մէջ այս անգամ սկսան սաւառնիլ Յովհ. Շիրազի, Մ. Իշխանի, Ս. Կապուտիկեանի, Վ. Դաւթեանի, Յովհաննէս Թումանեանի, Պ. Սեւակի եւ Աւ. Իսահակեանի բանաստեղծական խօսքերը: Երեխաները բոլորն ալ սիրով ու պատասխանատուութեան գիտակցումով սորված էին ընտրուած բանաստեղծութիւնները: Բոլորին աչուկներուն մէջ կրակ կար, բոլորը յուզուած էին ու կ՛արժէր միայն իրենց ճիգի ու աշխատասիրութեան համար գնահատել բոլո՛րը, անխտիր բոլորը: Բայց ցանկութիւնը` ցանկութիւն, իսկ մրցոյթին կանոնները բնականաբար այլ ընթացք կը թելադրեն:

Երբ աշակերտները աւարտեցին զոյգ մրցոյթներուն իրենց մասնակցութիւնը, դատակազմը անցաւ իրեն վիճակուած դժուարին պարտականութեան, իսկ դահլիճին մէջ այս ընթացքին հայկական երգեր սկսան հնչել:

Վերջապէս բարձրախօսէն հնչեց Ա. Միսիսեանին ձայնը, որ գովեց մասնակից երեխաները, դրուատական խօսքեր ուղղեց անոնց եւ յայտարարեց նկարչութեան եւ ասմունքի մրցոյթներուն յաղթող մասնակիցներուն անունները:

Գարնան եղանակը ճիշդ զգացողութեամբ ու գունաւորումով ներկայացնելու համար Գ. մրցանակը տրուցաւ ՀԲԸՄ Կարմիրեան վարժարանէն Կարօ Մարկոսեանին, իսկ նոյն սկզբունքով ամառը ներկայացնելու համար Ա. մրցանակը շահեցաւ ՀԲԸՄ Նազարեան վարժարանի աշակերտ Ալեք Շիրյակոբեանը:

Ասմունքի պարագային Ե. եւ Զ. կարգերու աշակերտներէն Ա. մրցանակին յաջորդաբար տիրացան` ՀԲԸՄ Նազարեան վարժարանէն Գարին Հաճեանը եւ Լիւսի Աւետիսեանը:

Պէտք էր ներկայ ըլլալ եւ լսել այն խանդավառ ծափերը, որ իրենց մրցանակակիր ընկերները շնորհաւորելու համար հնչեցուցին աշակերտներն ու իրենց ուսուցիչները: Բոլորը ուրախ էին: Առաւել ուրախ էին յատկապէս մրցանակակիր աշակերտները, որոնք բոլորն ալ բաժակներ ու նուէրներ ստացան դատակազմի անդամներուն կողմէ,  եւ օրուան յիշատակը յաւերժացնելու նպատակով նաեւ լուսանկարուեցան:

Share this Article
CATEGORIES