Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Տարեկան Ճաշկերոյթ
Ուրբաթ, 4 մայիս 2012-ի երեկոյեան, Էշրեֆիէի «Լը Մայոն» ճաշարանին մէջ կայացաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին կալա-ընթրիքը` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետին, Ազգային իշխանութեանց մարմիններու ներկայացուցիչներուն, քոլեճին բարեկամներուն ու մեծ ընտանիքին:
Առաջնորդ սրբազանի սեղանօրհնէքէն ետք բացման խօսքը արտասանեց քոլեճի ուսուցչուհիներէն Լենա Արապօղլեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց քոլեճի հարազատներուն, նշեց քոլեճին ձեռք ձգած փայլուն արդիւնքները` ազգային, կրթական թէ այլ բնագաւառներուն մէջ եւ խօսքը եզրափակեց` ըսելով. «Կը հաւատանք, որ մեր նոր սերունդը իրաւունքը ունի հայեցի դաստիարակութիւն եւ ուսում ստանալու, բարեզարդուած ու հրապուրիչ դասարաններու մէջ, ու ձեր ներկայութիւնը այսպիսի ձեռնարկի մը արդէն իսկ ապացոյց է, որ զօրավիգ կը կանգնիք մեզի` սատարելով վերոյիշեալ ծրագիրներու յաջողութեան, որպէսզի հայ աշակերտը շարունակէ կոփուիլ այստեղ իբրեւ լաւ մարդ, տիպար հայ ու քրիստոնեայ ու զինուիլ ուսումով ու բարձր կրթութեամբ»:
Ապա խօսք առաւ տնօրէն Զոհրապ Ղազարեան: Ան ներկաները ողջունելէ ետք վեր առաւ քոլեճին անուրանալի դերը` բարձրորակ ուսման ապահովման ջանքին մէջ, զայն նկատեց փարոս մը` հոգեմտաւոր դաստիարակութեան ու բարձրորակ ուսման նպատակները հետապնդող ուղիներուն խաչմերուկին վրայ:
Զ. Ղազարեան դրուատեց նուիրեալ դաստիարակներուն անխոնջ ջանքերը, որոնց շնորհիւ կերտուած է քսանվեց տարիներու վաստակ մը, աւելցնելով, թէ ապագայի կարելիութիւնները բոլորին առջեւ կը բանան զոհողութեան ու նուիրումի նոր մարտահրաւէրներ: Ապա ան յայտնեց, թէ խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը որոշած են ձեռնարկել Ա.-էն ԺԲ. դասարաններու նորոգման ու որակաւորման աշխատանքին` զանոնք դարձնելու համար աւելի եւս հրապուրիչ ու օժտելու համար զանոնք կրթական մարզի արհեստագիտական նորագոյն կազմածներով, եւ աւելցուց. «Տեսիլքը կը մնայ, պէ՛տք է մնայ նոյնը: Եթէ կը փոխուին դաստիարակութեան ձեւերն ու նիւթերը, ապա զանց ընելու չենք զարգացումները` միշտ կառչելով մեր ազգային սկզբունքներուն, որոնք գալիք սերունդներուն համար եւս պիտի պատրաստեն նկարագրի դարբնոց ու բարոյական վերելքի առիթ»: Ապա տնօրէնը ուրախութեամբ յայտարարեց, որ Ա. դասարանի աշխատանքները արդէն իսկ աւարտած են ու Դաւիթ, Կի եւ Քրիսթիան Մանուկեաններ ստանձնած են հոգալ երկու դասարաններու նորոգութեան եւ սարքաւորման բոլոր ծախսերը: Ան աւելցուց. «Մնացեալը իրագործելու համար կը դիմենք ձեզի` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի մեծ ընտանիքին, որպէսզի տէր կանգնիք վարժարանին իւրաքանչիւրդ իրեն ընձեռուած կարելիութիւններով, հասնելու նոր սերունդներուն, որոնք մուտք պիտի գործեն մեր վարժարանէն ներս` ստանալու համար ուսում եւ հոգեւոր ու ազգային դաստիարակութիւն, որ պիտի նպաստէ կերտելու հայ մարդը»:
Ապա ան ներկաներուն մաղթեց ուրախ ժամանց ու քոլեճին նորանոր նուաճումներ եւ բեղուն տարեդարձներ:
Տնօրէնին խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ կարճ տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնէր Կի, Դաւիթ եւ Քրիսթիան Մանուկեաններու բարերարութեամբ կառուցուած ֆութպոլի դաշտը ու Ազգային առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ նորոգուած եւ արդիականացած Ա. դասարանը: Տեսերիզին մէջ տեղ գտած էին նաեւ ուսուցիչներու եւ աշակերտներու կարծիքներ, մաղթանքներ ու ակնկալութիւններ` յառաջիկայ ծրագիրներու առնչութեամբ:
Յայտագրի գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկան քոլեճէն շրջանաւարտ ու այժմ ուսուցիչներ` Սեւան Հապիպը` մեներգով եւ Ռուբինա Զաքարեանը` դաշնակի ընկերակցութեամբ, գեղարուեստական բարձր մակարդակով ներկայացնելով փունջ մը հայերէն երգեր: Որմէ ետք խօսք առաւ քոլեճի խնամակալութեան ատենապետ Յովիկ Կէօզիւպէօյիւքեանը, որ ներկայացուց ընթացք առած ծրագիրը եւ ըսաւ. «Եթէ համոզուած էք մեր ծրագիրներուն, եկէք` միասին ներդրում ունենանք այս դպրոցին մէջ մեր զաւակներուն ու հայ աշակերտին համար»:
Ապա խօսք առաւ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան ըսաւ, թէ հաւատալով, որ հայ դպրոցը հայ ժողովուրդի գոյութեան անբաժանելի մէկ մասը կը կազմէ, ինք գնահատանքի արժանի տեսած է տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան ներկայացուցած բարեկարգման ծրագիրը եւ յանձն առած է, բարերարի մը միջոցաւ, ապահովել դասարանի մը կահաւորումը: Տէր եւ տիկին Հրայր եւ Միրնա Սարգիսեաններ, ընդառաջելով սրբազանին առաջարկին, արդէն իսկ մեծապէս աջակցած են այդ աշխատանքի ծախսերուն:
Առաջնորդ սրբազանը նշեց, թէ պատերազմէն առաջ գաղութը ունէր բազմաթիւ հայկական երկրորդական վարժարաններ, որոնց արդիւնքը կը վայելենք այսօր: Եւ շեշտեց, որ հայու նկարագրի լաւագոյն յատկանիշներէն մին է լաւագոյնին ձգտիլը:
Սրբազանը իր խօսքի աւարտին ըսաւ. «Համայնք մը պահելու համար անհրաժեշտ է դպրոցը պահել: Մեր գոյութեան պայքարի յաղթանակի որոշումը ժողովուրդին ձեռքն է: Խնամակալները, պատասխանատուները կ՛աշխատին, կը պայքարին, սակայն մեր յաղթանակին իրագործումը ձեր ձեռքն է եւ ձեր ներկայութիւնը կ՛ըսէ, որ մենք միասնաբար մի՛շտ յաղթական ենք»:
Կալայի ընթացքին, խանդավառուած մթնոլորտէն եւ սատարելու համար նշուած ծրագիրներու յաջողութեան, ներկաները կատարեցին առատաձեռն նուիրատուութիւններ, որոնցմէ գոյացաւ 90,000 ամ. տոլար:

