«Մայրերու Օր»-ուան Աւանդական Նշում` Այնճարի Մէջ

Կիրակի, 6 մայիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, կազմակերպութեամբ Ազգ. «Յառաջ» մանկապարտէզին, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մայրերու նուիրուած ձեռնարկ մը:

Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, վարժարանի մանկապարտիզպանուհի Լենա Սթամպուլեան երախտագիտական զգացումներ արտայայտող խօսքերով բացումը կատարեց աւանդութիւն դարձած մայրերու օրուան տօնակատարութեան, բարեմաղթութիւն կատարեց բոլոր մայրերուն եւ շնորհաւորեց զանոնք` աւանդական այս գեղեցիկ տօնին առթիւ:

Այնուհետեւ հերթաբար բեմ բարձրացան Ծիլ, Բողբոջ, Կոկոն ու Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները` ներկաներուն մատուցելու օրուան թեմային առնչուած երգեր ու արտասանութիւններ` հայերէն, արաբերէն ու անգլերէն լեզուներով. անոնք արտասանեցին «Մայրիկ-մայրիկ», «Փոքրիկ մանուկ մըն եմ ես», «Մայրիկն ես իմ անուշիկ», «Մամա-մամա», «Մամա, ընթի հայաթի» (արաբերէնով), «Մամի, թէյքս կուտ քեր» (անգլերէնով), իսկ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ անոնք երգեցին «Արեւ բացուեց թուխ ամպերէն», «Մտիր գիւղ, աւան», «Մեղու», «Լորիկ» եւ «Մայրիկ այսօր տօնն է քո», արժանանալով բոլորին ուշադրութեան ու ջերմ գնահատանքին:

Օրուան պատգամախօսն էր Էլ. Էյ. Եու. համալսարանի մանկավարժութեան դասախօս Սիլվա Փափազեան, որ ներկայացուց մայրը, անոր զգացական-յուզական աշխարհը, ապրումները, անսակարկ նուիրումն ու շրջապատին հետ իր հաղորդակցութիւնը` յատկապէս շեշտը դնելով մայր-զաւակ անքակտելի կապին ու ամրապնդման:

Բանախօսը արժեւորեց մօր յատկանիշներն ու առաջնորդող դերակատարութիւնը մանուկի կեանքի զարգացման հոլովոյթին մէջ` անոր առաքելութիւնը անհրաժեշտ սեպելով անհատի առողջ կազմաւորման համար:

Ան դիտել տուաւ, որ մարմին-միտք-հոգի եռեակի յաջողութեան բանալին առողջ կազմաւորումն է, որուն մէջ գերակշիռ են մօր ներդրումը, կամքը ու յարատեւելու ոգին:

Եւ իբրեւ հայ մայր` ան շեշտեց ծառայասիրութեան ու նուիրաբերման ջերմ զգացումներուն կարեւորութիւնը, որոնք անպայմանօրէն դերակատար պիտի ըլլան ազգին ու հայրենիքին, լեզուին ու մշակոյթին, քաղաքակրթութեան ու մնացեալ բոլոր մարտահրաւէրներուն դէմ ի հարկին պայքար մղելու եւ յաղթական քայլերով յառաջանալու համար:

Սիլվա Փափազեանի խօսքէն ետք վարիչ -մանկապարտիզպանուհին զայն դարձեալ բեմ հրաւիրեց, որպէսզի  վարժարանին կողմէ անոր յանձնէ փունջ մը ծաղիկներ:

Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ վարժարանի գեղարուեստի ուսուցչուհի Նարինէ Գրիգորեանին նուագով ու երգով. ան հմայեց ներկաները իր տաղանդով` Համօ Սահեանի «Հայաստան աշխարհ» բանաստեղծութեան երաժշտական յօրինուածքի ու ներկայացման կատարումով:

Վարժարանի Դ. դասարանի աշակերտ Պարոյր Ղուկասեան ասմունքեց մայրերու նուիրուած Համաստեղի «Իմ անոյշ մայրիկ» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք քոլեճի աղջկանց խումբը բեմ բարձրացաւ ու նազանքով պարեց «Ալվան վարդեր» կշռոյթին տակ` արժանանալով ներկաներուն բուռն ծափահարութեան:

Ձեռնարկի աւարտին յուշանուէր յանձնուեցաւ օրուան բախտաւորին` մուտքին բաշխուած ձեռային-ծաղիկներէն մէկը իւրայատկութեամբ օժտուած ըլլալուն համար:

Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Ներկաները գոհունակութեամբ մեկնեցան սրահէն:

Share this Article
CATEGORIES