Փոխան Դամբանականի. Հրաժեշտի Խօսք` Պարարուեստի Մեծ Վարպետ Ֆելիքս Յարութիւնեանին
Ի՞նչ ըսեմ ձեզի, սիրելի՛ վարպետ, պարոն Ֆելիքս: Կարկամած լեզուով արտասանուած խօսքերս անբաւարար են քու անժամանակ մեկնումիդ ստեղծած ահաւոր դատարկութիւնը լեցնելու…: Ամբողջ 19 տարի մեզի համար հայր, եղբայր, անխոնջ ուսուցիչ եղար: Մեզի սորվեցուցիր աւելի քան 300 պարեր հայօրէն կատարելու արուեստը: Նուիրուածութեամբ, մեծագոյն ջանքերով եւ անսահման համբերութեամբ, անքուն գիշերներ անցընելով, յաճախ հասկնալի բարկութեամբ Մայր հայրենիքի շունչով տոգորուած սերունդ մը աճեցուցիր: Ապա, անգնահատելի գործդ շարունակեցիր Կիպրոսի մէջ, ուր սակայն անողոք հիւանդութիւնը վրայ հասաւ, անկատար թողնելով երազներդ:
– Գօգօ ջան ես յոգնել եմ, ուզում եմ, որ դուն ստանձնես այս ծանր եւ անշնորհակալ գործը,- ըսիր` ցաւերդ սեղմելով:
Այո՛, Մեծ Վարպետ, հանգիստ ըրէ այլեւս, մեզի ամբողջ կեանքդ եւ առողջութիւնդ նուիրեցիր: Հոն երկինքի անհունութեան մէջ հանգիստ ըրէ: Թող հոգիդ փառաւորուի, որովհետեւ մենք անկատար ձգած գործդ պիտի շարունակենք մինչեւ վերջ` դրօշակակիրը ըլլալով ոչ միայն հայ պարարուեստի զարգացման, այլ հայրենասիրութեան: Հիմնած դպրոցդ կանգուն պիտի մնայ քու անմար յիշատակիդ հետ, մեր բոլորին սիրտերուն մէջ:
Թող լոյս իջնէ գերեզմանիդ, մայրենի հողը թեթեւ գայ վրադ:
ԳՕԳՕ ԵՒ ՆԱՆՈՐ ՔԷԼԷՇԵԱՆՆԵՐ
(Հաւատարիմ աշակերտներդ)

