ՀԵՌՈՒ ՄՆԱՆՔ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԸ ԱՊԱԿԱՆՈՂ ՄՈԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ
Սոյն գրութիւնը խտացումն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի քարոզին, տրուած Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Միջինքի առթիւ, 30 Մարտ, 2011-ին:
Հայ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս Մեծ պահքը ինքնահայեցողութեան ու ինքնաքննութեան կարեւոր շրջան մըն է: Արդարեւ, մեր եկեղեցին հոգեթով մեղեդիներու ու խոգեխռով աղօթքներու ճամբով հաւատացեալը կը հրաւիրէ ինքզինք ըլլալու իր աստուածաստեղծ պատկերին ու աստուածատուր կոչումին համաձայն եւ իր անձը, կեանքը ու գործը վերանայումի ենթարկելու` անկեղծ մօտեցումով, խոր ապաշխարութեամբ ու ինքնասրբագրումի յանձնառութեամբ: Հո՛ս կը կայանայ ճշմարիտ իմաստը ու նպատակը Մեծ պահքին:
Քրիստոնէական կեանքը դէպի Քրիստոս ուղղուած ընթացք մըն է, որ կ՛ենթադրէ կեանքի ու գործի իւրայատուկ ոճ ու որակ: Դէպի Քրիստոս ընթացող այս ճանապարհին վրայ մարդը, որպէս անկատար արարած, պիտի մոլորի ու մեղանչէ` դաւաճանելով իր նուիրական կոչումին: Դիւրին չէ Քրիստոսի հետեւիլը. սակայն մկրտութեամբ ու Քրիստոսի խորհրդական մարմնոյն` եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան մեր մասնակցութեամբ ուխտած ենք հաւատարմօրէն հետեւիլ Քրիստոսի:
Մեծ պահքը դէպի Քրիստոս առաջնորդող ճամբուն վրայ հանգրուան մըն է, ուր անհրաժեշտ է կանգ առնել ու վերաքննութեան ենթարկել մեր թէ՛ անձնական ու թէ հաւաքական կեանքը` խոստովանութեան ու ապաշխարութեան ճամբով: Քիչ առաջ դարձեալ լսեցինք դարեր շարունակ մեր եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն տակ կարդացուող ու մարդու ահաւոր մեղքերը ու մոլութիւնները պարզող խոստովանանքը: Մարդու կեանքը որքա՜ն սարսափազդու մոլութիւններով է լեցուն. մարդը որքա՜ն երեւելի ու աներեւոյթ սատանաներու կողմէ յարձակումի կ՛ենթարկուի շարունակ® Քրիստոսի պայծառակերպող ներկայութեամբ եւ անկեղծ ոգիով ու մաքուր սրտով կատարուած խոստովանանքը` ինքնաբիւրեղացման առաջնորդող ու մարդը հոգեպէս հզօրացնող առաջին քայլն է:
* * *
Միջինքի այս առաւօտուն հայրական Մեր խօսքը կ՛ուղղենք Լիբանանի հայութեան ճամբով մեր ժողովուրդի բոլո՛ր զաւակներուն: Այս առիթով կ՛ուզենք ընդհանուր գիծերով անդրադառնալ մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքին առնչուած կրօնական ու ազգային իմաստով չորս յոռի երեւոյթներուն, որոնք սկսած են իրենց ներկայութիւնը զգալի դարձնել մեր ազգային կեանքէն ներս:
Ա) Եսամոլութիւն: Ընկերութիւն մը, ազգ մը կամ կազմակերպութիւն մը բաղկացած է անհատներէ: Անհատը արժէք է: Քրիստոնէութիւնը յատուկ շեշտ կը դնէ անհատ-արժէքին վրայ: Քրիստոս թելադրեց ինիսունինը ոչխարները թողուլ եւ մէկ ոչխարին ետեւէն երթալ (Մատթ. 18, 12): Անհատն է որ իր հաւատքով, ստեղծագործ ուժով, գործօն մասնակցութեամբ ու ամբողջական նուիրումով կը հզօրացնէ ազգը, ընկերութիւնը կամ կազմակերպութիւնը: Սակայն, անհատը արժէք է երբ իր ունեցածը ու ի պահանջել հարկին նոյնիսկ իր անձը ի սպաս կը դնէ հաւաքականին: Անհատը արժէք է երբ իր անձէն վեր ընդհանրականին ու հաւաքականին մէջ կը տեսնէ գերագոյն արժէքը: Ընկերութիւնը, պետութիւնը կամ կազմակերպութիւնը նահանջի ճամբան կը բռնեն, երբ զանոնք բաղկացնող անհատները հաւաքականը անտեսելով` իրենց անհատական շահերը գերիվեր կը նկատեն ընդհանրական շահերէն:
Մեր կեանքէն ներս նման երեւոյթներու առկայութիւնը սկսած է զգալի դառնալ բոլո՛ր մակարդակներուն վրայ: Չմոռնանք երբեք, որ եկեղեցւոյ տէրը հոգեւորականը չէ, այլ Քրիստոսն է. պետութեան մը տէրը նախագահը չէ, այլ ժողովո՛ւրդն է. կազմակերպութեան մը տէրը ղեկավարը չէ, այլ կազմակերպութեան անդամներն են հաւաքաբար: Անհատը ծառան է միայն եւ համարատու հաւաքականին: Եսակեդրոն մօտեցում ու գործունէութիւն մարդը կ՛առաջնորդեն մենատիրութեան: Նման մտածելակերպ ու գործելակերպ համամարդկային բարոյական արժէքներու համակարգը եւս կը մերժէ: Հետեւաբար մեր կեանքէն պէտք է վանենք ամէն տեսակ մտայնութիւն ու վիճակ, ուր «ես»ը կը տիրապետէ` ի հեճուկս հաւաքականին ու ընդհանրականին:
Բ) Օտարամոլութիւն: Ազգային ու բարոյական իմաստով այլ մոլութիւն մըն է սա, որ սկսած է մեր կեանքը ներսէն կրծել, մաշեցնել ու մեզ հեռացնել մեր ինքնութենէն ու արմատներէն: Մեր ազգը ցեղապաշտ չէ. ան երբեք ինքզինք ոեւէ ազգէ գերադաս չի նկատեր: Սակայն մենք ունինք մեր իւրայատուկ ինքնութիւնը, մեր աւանդութիւնները, արժէքները, ըմբռնումները: Աշխարհի վրայ գտնուող ոեւէ անհատ կոչուած է հաւատարիմ մնալու իր պատկանելիութեան ու անոր խարիսխը նկատուող հայրենիքին, կրօնին ու ազգին: Օտարամոլութիւնը ախտ մըն է, որուն նկատմամբ անտարբեր չի կրնար մնալ ոեւէ ազգ:
Այսօր, փաստօրէն, մեր կեանքէն ներս ամէնուրեք օտարին հետզհետէ ծաւալող ներկայութիւնը նկատելի է մասնաւորաբար մեր երիտասարդ սերունդին մօտ ու մեր ընտանիքներէն ներս: Եւ այս դառն կացութեան որպէս արդիւնք ամուսնալուծումներու եւ օտար դպրոց յաճախող աշխակերտներուն թիւը սկսած է զգալի աճ արձանագրել: Օտարը չենք ատեր, հեռու մեզմէ նման ոգի: Միաժամանակ չենք ընդունիր, որ օտարասիրութիւնը դառնայ վնասաբեր մեր ինքնութեան` հեռու պահելով մեզ մեր հաւաքական կեանքէն: Եթէ մեր կեանքի այս հանգրուանին բարձրագոյն աստիճանի խստապահանջութիւն չցուցաբերենք այս մեծապէս մտահոգիչ երեւոյթին նկատմամբ, մօտ ապագային, նոյնիսկ հայահոծ գաղութներէն ներս օտարին օտարացնող ներկայութիւնը պիտի տիրապետէ մեր կեանքին:
Գ) Թմրամոլութիւն: Մարդկային կեանքի ամէնէն սարսափազդու ախտերէն մէկն է թմրամոլութիւնը, որ դարձած է արդի ընկերութեան մեծագոյն չարիքներէն մէկը: Ցաւով ու ընդվզումով կ՛իմանանք, որ յիշեալ մոլութիւնը սկսած է մուտք գործել նաեւ մեր երիտասարդութեան կեանքէն ներս: Կ՛անդրադառնա՞նք արդեօք թմրամոլութեան կրօնական, բարոյական, ազգային ու ֆիզիքական լուրջ հետեւանքներուն®:
Արդարեւ, անցանկապատ աշխարհի մը կը պատկանինք, գոյնզգոյն չարիքներով ու մոլութիւններով լեցուն ընկերութեան մը մէջ կ՛ապրինք: Բնականաբար այդ բոլորին ազդեցութեան տակ են նաեւ մեր զաւակները: Սակայն մեր կրօնական սկզբունքները, մեր բարոյական չափանիշները ու ազգային ըմբռնումները թոյլ պէտք չէ տան, որ մեր զաւակները կոյր կերպով որդեգրեն նման ախտավարակ կենցաղակերպեր` դառնալով գերին մարդը բարոյապէս ու ֆիզիքապէս քանդող ներկայ ժամանակներու մոլութիւններուն: Մեր եկեղեցին ու կառոյցները իրենց գերագոյնը պէտք է ընեն փրկելու համար կամայ թէ ակամայ նման վտանգալից կացութիւններու մէջ գտնուող մեր երիտասարդները: Միաժամանակ, բարոյական ու ազգային դաստիարակութեան ճամբով մեր ընտանիքներն ու դպրոցները պէտք է նախազգուշական ամէն ճիգ ի գործ դնեն առաջքը առնելու համար նման մոլութիւններու տարածման մեր կեանքէն ներս:
Դ) Փառամոլութիւն: Մեր հասարակական կեանքէն ներս ներկայութիւն սկսած է դառնալ նաեւ մարդկային այս մոլութիւնը, որուն նկատմամբ աշխարհի բոլոր կրօններու ուսուցումները մերժողական կեցուածք ունին: Քրիստոս իր կեանքով ու գործով եղաւ տիպար խոնարհութեան: Ան իր հետեւորդներուն թելադրեց ըլլալ խոնարհ, հաւաքական վայրերու մէջ առաջին տեղերը չգրաւել:
Փառասիրութիւնը մարդկային կեանքին մէջ բնական երեւոյթ մըն է: Իւրաքանչիւր անձ պիտի ուզէ նոր իրագործումներ կատարել, նոր յաջողութիւններ ձեռք ձգել, իր շրջապատէն յարգուիլ ու գնահատուիլ: Փառամոլութիւնը հակառակն է փառասիրութեան: Ան արժէքը, ճշմարտութիւնը կը տեսնէ անհատի անձին մէջ միայն: Փառասիրութիւնը կը կառչի մակերեսին` ո՛չ խորքին, կեղեւին` ո՛չ իրաւին, գնայունին` ո՛չ մնայունին: Այլ խօսքով, ան հետամուտ է միայն տեսքին, ձեւին, ժամանակաւորին: Արդարեւ, ուր փառամոլութիւն կայ, հոն նաեւ մակարդակի անկում, արժէքի նուազում եւ որակի նահանջ գոյութիւն ունի:
* * *
Բնականաբար, մեր կեանքին մէջ կան նաեւ բազմաթիւ դրական երեւոյթներ, մեզի ուրախութիւն ու հպարտութիւն պատճառող իրագործումներ: Սակայն միայն դրականին չանդրադառնանք, անով միայն չհպարտանանք. այլ, մեր կեանքը աւելի կազմակերպելու ու մեր կառոյցներուն գործը աւելի կենսաւորելու նպատակասլաց մօտեցումով անհրաժեշտ է նաեւ, որ մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքի ախտաճանաչումը կատարենք, մեր թերութիւնները տեսնենք, որպէսզի կարենանք միասնաբար սրբագրումի ու վերականգնումի ճամբաներ որոնել: Եկեղեցին, որպէս Քրիստոսի փրկագործական խորհուրդին շարունակութիւնը ստանձնած առաքելութիւն, «մարգարէական կոչում» ունի` զգաստութեան հրաւիրելու իր զաւակները, անհրաժեշտութեան պարագային գնահատելու ու քննադատելու, եւ իր կեանքի օրինակով ցոյց տալու դէպի Քրիստոս առաջնորդող ճշմարիտ ճամբան:
Քրիստոսի գալուստը սպասող սաղմոսերգուն ըսաւ` «Ո՜վ Տէր, քու ճամբաներդ ցոյց տուր ինծի» (Սաղ. 25, 4): Աստուծոյ Որդին աշխարհ եկաւ ու ըսաւ «Ես եմ ճամբան» (Յովհ. 14, 6): Այո՛, Քրիստոս ի՛նքն է ճամբան, իր անունով մկրտուած մարդոց, ինչպէս նաեւ ողջ մարդկութեան ճշմարիտ ճամբան: Այդ ճամբան փրկութեան ճամբան է: Սակայն չկայ փրկութիւն` առանց խոստովանութեան ու ապաշխարութեան: Խոստովանութիւնը Քրիստոսի ներկայութեամբ մեր անձին ու գործին քննութիւնն է. իսկ ապաշխարութիւնը` Բեթղեհեմով աշխարհին յայտնուած արժէքներով, սկզբունքներով ու ճշմարտութիւններով մեր կեանքին վերանորոգումն է:
Հետեւաբար եկէք` դառնանք Քրիստոսի, մեր սրտին բովանդակ անկեղծութեամբ ըսելով`
Ո՜վ Տէր, մեղանչեցի մտածումով, խօսքով եւ գործով, կամայ թէ ակամայ, գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ. մեղայ Աստուծոյ: Օգնէ մեզի, ո՜վ Տէր, հեռու մնալու կեանքի տեսանելի թէ անտեսանելի մեղքերէ ու մոլութիւններէ:
30 մարտ, 2011
Անթիլիաս, Լիբանան