ՊԷՅՐՈՒԹԵԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ 4-ՐԴ ԽԱՂԵՐԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՆ. ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԸ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱՌԱՋԻՆ

«Սփոր Էվազիոն» ընկերութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած Պէյրութեան ընկերութիւններու 4-րդ խաղերը, որոնք տեղի ունեցան Ժամհուր ակումբին մէջ, հասան իրենց աւարտին, երբ կատարուեցան յայտագիրին վրայ դրուած մնացեալ մարզաձեւերը:

32 ընկերութիւններէ եւ համալսարաններէ 2675 երկսեռ խաղացողներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած այս խաղերը ընթացան բաւական հետաքրքրական եւ ճոխ մթնոլորտի մէջ` նկատի ունենալով, որ այդ մարզաձեւերը իւրայատուկ էին իրենց տեսակին մէջ:

Նշենք, որ Սլամ տանքի մրցումներուն երկրորդ դիրքը գրաւեց «Մորիքս» ընկերութեան հետ այս խաղերուն իր մասնակցութիւնը բերած Անդրանիկ Չպուքճեան:

Մետալներու ընդհանուր դասաւորման մէջ առաջին դիրքը գրաւեց Պէյրութի դրամատունը, որ շահեցաւ 7 ոսկի, 4 արծաթ եւ 9 պրոնզ մետալ: Երկրորդ հանդիսացաւ «Մորիքս» ընկերութիւնը (6 ոսկի, 5 արծաթ եւ 2 պրոնզ), իսկ երրորդ` «Աուտէ» դրամատունը (5 ոսկի, 2 արծաթ եւ 3 պրոնզ):

 

Share this Article
CATEGORIES