Ազրպէյճանի Նախագահին Ընտանիքը Կը Շահի Եւրոտեսիլի Սրահի Կառուցումէն
Այս ամսեվերջին աշխարհի աչքերը պիտի կեդրոնանան Կասպից ծովու ափերուն նորակառոյց ապակեպատ-պողպատեայ շէնքին վրայ, որ պիտի ընդունի ժողովրդային աստղերը եւ պատկերասփիւռի նկարահանող խմբակները (աւելի քան 40 եւրոպական երկիրներէ), որոնք պիտի սփռեն «Եւրոտեսիլ 2012»-ի երգի մրցումի հանդիսութիւնը:
Ազրպէյճան այս հանդիսութիւնը հիւրընկալելու իրաւունքը նուաճեց անցեալ տարի, երբ իր փոփ զոյգը` Էլլ եւ Նիքքի առաջին հանդիսացան 2011-ի եւրոտեսիլի մրցումին: Ազրպէյճանի կառավարութիւնը հպարտօրէն արձագանգեց` ներկայացնելով 134 միլիոն տոլար արժող համերգասրահի ծրագիրներ: «Բիւրեղեայ սրահ» կոչուող կառոյցը ունի 23 հազար աթոռ:
Սրահին կառուցումը միայն 3 շաբաթ առաջ աւարտեցաւ, հանդիսութեան վայրը ճիշդ ժամանակին պատրաստ եղաւ լարուած մրցավազքէ մը ետք: Ատոր կարեւորութիւնը ազդանշուեցաւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Առաջին տիկին Մեհրիպան Ալիեւայի` շինարարական վայրին մէջ բարձրացած յանդուգն երկրաչափական կառոյցին տրուած յաճախակի այցելութիւններով:
Բայց անոնց հետաքրքրութիւնը միայն արարողական եւ հայրենասիրական չէր:
Կազմակերպուած ոճիրի եւ փտածութեան զեկուցման ծրագիրը եւ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հետաքննիչ լրագրողները բացայայտեցին, որ նախագահական ընտանիքը անձամբ շահ կ՛ապահովէ այս վիթխարի շինարարական նախագիծէն, «Ազենքօ» շինարարական ընկերութեան մէջ իր սեփականատիրութեան միջոցով:
Աշխատանքին համար պայմանագիր կնքած ընկերութիւնը շատոնց արդէն բացայայտուած է բոլոր պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ իբրեւ գերմանական «Ալփայն Պօ Տէօչլանտ Ա. Ժ.»: Սակայն շինարարական վայրին մէջ որոշ սարքեր կնքուած են «Ազենքօ» ընկերութեան անունով: Ռոլֆ Հերր, «Ալփայն Պօ»-ի ներկայացուցիչը Ազրպէյճանի մէջ, «Ազենքօ»-ն նկարագրեց իբրեւ օգնական կառուցող:
Ատոր մասնակցութեան մասին Հերր այլ մանրամասնութիւններ չտուաւ: «Ալփայն «Պօ»-ի մամլոյ, տեղեկատու գրասենեակը չպատասխանեց այն հարցումներուն, թէ օգնական կառուցողներն ու վաճառողները ինչպէ՞ս ընտրուած են:
Երեւցող Ընկերութիւնները
«Ազենքօ» կը պատկանի շարք մը ցուցափեղկային ընկերութիւններու, որոնք կը քողարկեն իսկական սեփականատէրերը: Ազրպէյճանի մէջ պետական գոյքի սեփականաշնորհման գործակալութեան պաշտօնաթերթը 2010-ին յայտարարեց, որ Պաքուի մէջ հիմնուած «Ինթերեներժի» ընկերութիւնը ստացած է «Ազենքօ»-ի բաժնեթուղթերուն 97,5 առ հարիւրը:
Ըստ սեփականաշնորհման պետական տոմարներուն, 2010 թուականին Պաքու տեղակայուած այլ ընկերութիւն մը` «ԱՏՕՐ» կը վերահսկէ «Ինթերեներժի»-ի սեփականատիրութեան 70 առ հարիւրը:
Ընկերութեան արձանագրութեան փաստաթուղթերը «ԱՏՕՐ»-ի պաշտօնական հասցէն կը նշեն` իբրեւ «7 Սէյմտ Վուրկուն փողոց»: Այդ հասցէին արձանագրուած սեփականատէրերը, այդ ատեն, Մեհրիպան Ալիեւան, Լէյլա Ալիեւան եւ Արզու Ալիեւան էին, նախագահին կինն ու դուստրերը` յաջորդաբար:
2010 թուականին «Ազատութիւն» ռատիոկայանը հետաքննեց պետական օդանաւային ընկերութեան ենթակառոյցին սեփականաշնորհումը, ներառեալ` «Ազալպանք»-ը (այժմ` «Մետաքսեայ ուղիի դրամատուն»), որ նոյնպէս արձանագրուած բաժնետէր ունէր Արզու Ալիեւան, նոյն հասցէին բնակող: Նախագահական բանբերը` Ազեր Կազիմով, այն ատեն հաստատեց, որ բաժնետէրը իսկապէս նախագահին դուստրն է:
Կազիմով չպատասխանեց կրկնուող հեռաձայններուն եւ գրաւոր հարցումներու` նախագահական ընտանիքի առնչութեան մասին «Ազենքօ»-ի եւ շահերու բախման տեսքին, թէ «Ազենքօ» շատ կ՛ապահովէ՞ պետութեան կողմէ ֆինանսաւորուող շինարարական ծրագիրներէն:
Եւրոտեսիլը Կանխուա՞ծ
«Եւրոտեսիլ 2012»-ի ձեռնարկը համակարգող Սիեց Պաքքըր ըսաւ, որ Եւրոտեսիլի կազմակերպիչը «ճիշդ կողմը չէ պատասխանելու համար Ազրպէյճանի Առաջին տիկնոջ կամ «Բիւրեղեայ սրահ»-ին կառուցումին մասին հարցումներու:
Պաքքըր ըսաւ, որ Պաքու քաղաքին յանձնարարուած է բազմաբնոյթ գործունէութեան համար օգտագործուելիք փակ վայրի մը կառուցումը` նախքան Ազրպէյճանի յաղթանակը Եւրոտեսիլի:
«Մենք մասնակից չենք սրահի կառուցման, ուրեմն դուք այս հարցումը պէտք է պատասխանատու իշխանութիւններուն ուղղէք», ըսաւ ան:
Պաշտօնական արձանագրութիւնները, սակայն, չեն հաստատեր Պաքքըրի պնդումը: Համերգասրահը կառուցելու մասին յուլիս 2011-ի նախագահական թիւ 1620 հրամանագիրը հրապարակուած է Եւրոտեսիլի մայիսեան յաղթանակէն ետք:
«Ես գրաւոր արձանագրութիւններ չեմ տեսած, բայց ատիկա շատ մեծ բան մը չի պահանջեր անդրադառնալու, գիտակցելու համար, որ այսպիսի վայրի մը կառուցման նպատակով բաւական շատ ծրագրաւորումներ տեղի կ՛ունենան»:
Շատ Սուղ Դրօշ
«Բիւրեղեայ սրահ»-ը երկրորդ ծրագիրն է, որ շահերու հակամարտութեան հարցեր յառաջացուց «Ազենքօ»-ի մասին:
«Ազենքօ» նաեւ օգնեց կառուցելու 38 միլիոն տոլար արժող Պետական դրօշի հրապարակը, «Բիւրեղեայ սրահ»-ին մօտ, եւ իբրեւ աշխարհի ամէնէն երկար դրօշի ձողը` կարճ ժամանակ մը արձանագրուեցաւ «Կինես» մրցանիշներու գիրքին մէջ, մինչեւ որ Ազրպէյճանի 162 մեթրնոց ձողը գերազանցուեցաւ նոյնիսկ աւելի բարձր ձողով մը` Տուշանպէի մէջ, Տաճիկստան:
Պաքուի հրապարակին ծախսին երկու երրորդը եկաւ երկրի ղեկավարին պահեստի հիմնադրամէն, նախագահական հրամանագիրներով 532 (26 հոկտեմբեր, 2009), եւ 1052 (3 օգոստոս, 2010): Մնացեալ մէկերրորդը եկաւ ուղղակի 2011-ի պետական պիւտճէէն համապատասխանաբար նախարարաց խորհուրդի հրամանագիրին (25 օգոստոս, 2011):
Կառավարութեան բանբեր մը` Աքիֆ Ալի, մերժեց պատասխանել այն հարցումին, թէ «Ազենքօ» ինչպէ՞ս գործընկեր ընտրուած է այս ծրագիրին մէջ:
Պետական Գանձի Կողոպուտ
«Ազենքօ» կ՛աշխատի պետական ֆինանսաւորումով բազմաթիւ ծրագիրներու վրայ, նուազ ցուցադրական, բայց հաւանաբար ոչ նուազ` շահեկան, շահութաբեր, քան` Պաքուի նախագիծը: Պետական մատակարարման գործակալութեան տուեալները ցոյց կու տան, որ միայն 2010-ին ընկերութեան շնորհուած են 79 միլիոն տոլար արժողութեամբ պայմանագրեր: Ընկերութիւնը վերջերս նաեւ ձեռք ձգեց հսկողութիւնը Սումկայիթ արհեստագիտական կեդրոնին, նախկին պետական ֆինանսաւորումով ձեռնարկութեան, որ սկսած է «Ազերեներժի», կառավարութեան սեփականութիւնը հանդիսացող ուժանիւթի արտադրիչը:
Քաղաքականապէս անկախ խորհրդատուական կառոյցի` Տնտեսական նախաձեռնութիւններու աջակցութեան կեդրոնի տնօրէն` Ազեր Մեհտիեւ ըսաւ, որ «Ազենքօ» յստակ օրինակ մըն է նախագիծ մը «իւրացնելու, սխալ նպատակի օգտագործելու» երկրի քարիւղի հարստութեան մէկ մասը:
«Քարիւղին մեծ գումարները պիւտճէին մէջ հոսելու ատեն, զուգահեռ հոլովոյթ մը կ՛ընթանայ տնտեսութեան մարզերու, պետական սեփականութեան վերաբաժանումի, որպէսզի ճամբան հարթուի եկամուտներու իւրացումին առջեւ», ըսաւ Մեհտիեւ:
Ըստ անոր, մասնաւորաբար դժուար է նախագահի ընտանիքին առեւտրական շահերուն վերաբերեալ տեղեկութիւններ ստանալը:
Փտածութեան Դէմ Խօսք, Ոչ Գործ
Ազրպէյճան 2004 թուականին որդեգրեց փտածութեան դէմ օրէնք մը, որ պաշտօնատարներուն կը պարտադրէ, կը պարտաւորեցնէ իրենց եւ իրենց ազգականներուն եկամուտներն ու կալուածները յայտարարել:
2005 թուականի օգոստոսին (հրամանագիր թիւ 278) նախագահը կառավարութեան հրահանգեց պատրաստել յատուկ յայտարարագիրի ձեւ մը, որուն միջոցով պաշտօնատարները երկու ամիսէն այդ տեղեկութիւնները պիտի տան: Բայց ատոնք բնաւ չպատրաստուեցան եւ պաշտօնատարները բնաւ չտրամադրեցին պահանջուած տեղեկութիւնները: Յստակ չէ, թէ նախագահը կամ Առաջին տիկինը, որ նոյնպէս խորհրդարանի անդամ է, յայտարարագիր ներկայացուցած են վերջին տասնամեակին:
Նախագահական վարչակազմը եւ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը պիտի չպատասխանեն իրենց գոյքին վերաբերող հարցումներուն: Առաջին տիկնոջ կայքէջին առաքուած գրաւոր հարցումը անպատասխան մնացած է:
2011 թուականի յունուարին նախագահ Ալիեւ յայտարարեց, թէ կառավարութիւնը լուրջ միջոցառումներ պիտի որդեգրէ փտած պաշտօնատարներու դէմ:
2012-ի Եւրոտեսիլի հանդիսութիւնը, ցուցադրական հանդիսասրահին կողքին, այլ կապ մը պիտի ունենայ առաջին ընտանիքին հետ. նախագահին փեսան` երգիչ Էմին Ակալարով, ընտրուած է դադարներուն հանդիսատեսները զբաղեցնելու:
ԽԱՏԻԺԱ ԻՍՄԱՅԻԼՈՎԱ
«Եուրէյժիանեթ»




