Թուրքիոյ Սիրելի Ուլամաներ, Դրախտը Ձեր Պոռնկագրութեան Մտահաճոյքը Չէ

Ծաղրանկարներու  տագնապներէն 7 տարի ետք Դանիա այցելելով` Թուրքիոյ կրօնական հարցերու տնօրէնութեան ղեկավար փրոֆ. Մեհմեթ Կէօրմեզ հետեւեալ իմաստուն խօսքերը ըսաւ.

– Մենք աւելի պէտք է աջակցինք մեզի հետ կողք-կողքի ապրող ոչ իսլամներուն… Մենք նոյնիսկ առաւել բարեկամական յարաբերութիւններ պէտք է ունենանք մեր դրացիներուն հետ, որոնք ցեղապաշտական պատգամներ կը գրեն Արեւմուտքի մէջ գտնուող մզկիթներու վրայ:

– Ոչ իսլամ փոքրամասնութիւնները եւ անոնց եկեղեցիները (իսլամական հողերու վրայ) վստահուած են իսլամներու:

– Վայրագ միջադէպերը (քրիստոնեաներ թիրախ դարձնող) Միջին Արեւելքի մէջ, Արաբական գարնան յաջորդող, ամէնէն մեծ արատն են իսլամական քաղաքակրթութեան վրայ:

– Մենք Արեւելքի մէջ եկեղեցիներուն ազատութիւն պէտք է շնորհենք, որքան որ կ՛ուզենք Արեւմուտքի մէջ մզկիթներուն համար:

– Սահմանափակումները, ստորնացումները եւ վիրաւորանքները եկեղեցւոյ դէմ պէտք է անհանգստացնէ մեզ բոլորս (իսլամներ):

Փրոֆ. Կէօրմեզ իսլամ աստուածաբան-տեսաբան մըն է: Բայց ան միակը չէ:

Այլ հանրածանօթ իսլամ աստուածաբան մըն է Ալի Ռիզա Տեմիրճի, որ հայրն է Արդարութիւն եւ բարգաւաճում իշխող կուսակցութենէն (ԱԲԿ) Պէյօղլուի (Պոլիս) կառավարիչ Ահմեթ Միսպահ Տեմիրճանի: Երէց պրն. Տեմիրճանի ժողովրդային պլոկը կը նկարագրէ անոր «գիտական» աշխատանքը, տպուած` հատորներու մէջ:

Անոր գլուխ գործոցներէն է` «Սեռային կեանքը` ըստ իսլամութեան» երկհատոր գիրքը, որ հրատարակուած է 1984-ին: Ահաւասիկ այդ գիրքէն քանի մը հատուածներ, զորս կարելի է ներբեռնել (տաունլոտ) պրն. Տեմիրճանի ժողովրդական պլոքէն.

– Դրախտին մէջ ամուրիներ պիտի չըլլան:

– Ամէն մարդ (դրախտի ամէնէն ցած շրջանակին մէջ բնակող) պիտի ստանայ օրական 72 կին: Ամբողջովին հաւատարիմ իսլամի մը օրական պիտի տրուին 100 կոյսեր, որոնց հետ ամբողջ օրը սեռային յարաբերութիւն պիտի ունենայ: Կիները դրախտին մէջ կոյսեր պիտի ըլլան, այրերուն հետ սեռային յարաբերութիւն ունենալէ անմիջապէս ետք:

– Իւրաքանչիւր տղամարդու դրախտին մէջ պիտի տրուի 100 մարդու սեռային ուժ:

– Դրախտին մէջ իւրաքանչիւր անձ 33 տարիքին պիտի վերադառնայ:

– Կիներ պիտի տրուին այն այրերուն, որոնք յանուն կրօնի մահացած են:

– Այրեր դրախտին մէջ սեռային մնայուն կարողականութիւն պիտի ունենան:

– Ամէն այր դրախտին մէջ ամբողջ օրը սեռային յարաբերութիւն պիտի ունենայ իր կնոջ եւ հրեշտակային աղջիկներու հետ:

Ես կ՛ուզէի հարցնել պրն. Տեմիրճան ուլամային, թէ կիները միայն հաւատաւոր, բարեպաշտ իսլամնե՞ր պէտք է ըլլան դրախտ մտնելու եւ «այրերուն տրուելու` իբրեւ սեռային ստրուկներ», կամ` արդեօ՞ք մենք պէտք է աղօթենք իմ կամ իր, կամ ժողովուրդին մայրերուն, կիներուն եւ քոյրերուն համար, որպէսզի անոնք երթան դրախտ «ատո՛ր համար»: Ա՞յս է, որ պրն. Տեմիրճան իսկապէս կը փափաքի, կը ցանկայ իր ընտանիքի կին անդամներուն համար: Ես պիտի չուզէի: Եւ դրախտին մէջ մարդիկ ինչո՞ւ պիտի վերադառնան 33 տարիքին եւ ոչ` 23-ի: Իսկ ի՞նչ պիտի ըլլան հաւատացեալները, որոնք մահացած են 8, 12, 18, 29 տարեկանին, եւ մեկնած` դրախտ: Ինչո՞ւ անոնք տարիք պիտի առնեն իբրեւ պարգեւ, հատուցում:

Խնդիրը այն չէ, որ շատ տեսանելի անհամապատասխանութիւն կայ ուլամա պրն. Կէօրմեզի ոսկեղէն բառերուն եւ ուլամա պրն. Տեմիրճանի արտառոց մարգարէութիւններուն միջեւ: Հարցը միջին բարեպաշտ իսլամի ընտրանքին մասին է: Հաւատացեալը պրն. Կէօրմեզի՞, թէ՞ պրն. Տեմիրճանի ուսուցումներուն պիտի անսայ: Որո՞ւն բառերը աւելի գրաւիչ, հրապուրիչ պիտի թուին հաւատացեալին: Գուշակելու փորձառական փաստ կայ:

Ճակատագրի հեգնանքով, այն օրը, երբ լրագրողներ հաղորդեցին պրն. Կէօրմեզի գիտելիքներուն բառերը, լուրերու այլ պատմութիւն մը մեզի ըսաւ, թէ նոյնիսկ զարգացած թուրքերը ո՛ր ուլաման աւելի պիտի նախընտրեն ունկնդրելու, լսելու համար:

Հազար անձեր հաւաքուեցան Էտիրնէի մէջ` կառավարիչ Կէօխան Սէօզլերի գլխաւորութեամբ կազմելու համար «եղբայրութեան մարդկային շղթայ մը»` ի պատիւ քաղաքի վիթխարի մզկիթին` Սելիմիէի: Հրաւիրեալներու շարքին էր Պուլկարիոյ ուղղափառ եկեղեցին ներկայացնող  քահանայ մը, որ ուզեց առաջին շարքը առնել կառավարիչին եւ քաղաքի իսլամ միւֆթիին հետ: Կառավարիչը պարզապէս մերժեց քահանային արտօնել իր շարքին կենալ` նշելով, «պուլկարական խտրականութիւնը իսլամներու դէմ, Պուլկարիոյ մէջ»:

Եւ ճիշդ երէկ (12 ապրիլ, Ա.), թերթերը հաղորդեցին, որ կրտսեր պրն. Տեմիրճան թրքական մէկ միլիոն լիրայի (շուրջ 575 հազար տոլար) տուգանքի ենթարկած է Պոլսոյ մէջ կաթոլիկ եկեղեցի մը: Կառավարիչը խոստացաւ սրբագրելու գործողութիւն մը, բայց անբախտ հոգեւորականը արդէն հարցուցած էր մէկ միլիոն տոլարի հարցումը:

«Քաղաքապետարանը նոյն տուգանքին պիտի ենթարկէ՞ր մզկիթ մը»:

Ըստ երեւոյթին, փրոֆ. Կէօրմեզի ուսուցումները հրապուրիչ չեն թուրք պաշտօնատարներու: Եւ ոչ մէկ միջոց կայ գիտնալու, թէ պրն. Տեմիրճանի ուսուցումները հրապուրիչ պիտի ըլլա՞ն: Բայց հաւանական ճշմարտութիւնը պարզապէս զիս կը խնդացնէ…

ՊՈՒՐԱՔ ՊԵՔՏԻԼ

«Հիւրրիյէթ»

Share this Article
CATEGORIES