Օսմանցիները Վերադարձած Են. Բայց Ոչ Ուր Որ Կ՛ուզէին…

Անգարայի մէջ նոր-օսմանցիները հմտօրէն կրցած են վերադառնալ իրենց օսմանեան անցեալին… բայց ոչ իսկապէս փառահեղ ժամանակներուն, այլ` կայսրութեան անկման օրերուն:

Թուրքերը աշխուժօրէն խաղցան իսլամական աշխարհի առաջնորդի դերը: Բայց այժմ, երբ իսլամական աշխարհը խորապէս ներգրաւուած է սիւննի-շիի գիծին վրայ հետզհետէ աճող լարուածութիւն մը, եւ Թուրքիա ինքզինք գտած է սիւննի դաշինքի մէջ, պէտք է բաւարարուի խաղալով միայն մէկ իսլամական համայնքի ղեկավարի դերը: Ատիկա շատ աւելի փոքր կարկանդակ է, բայց ոչ ոք կրնայ ձեւացնել, թէ ամէն ինչ է, բոլո՛ր ժամանակներուն:

Սիւննի արաբները եւ սիւննի թուրքերը պատեհ առիթի դաշնակիցներ են իրարու, կատարելապէս գիտակցելով, որ ասիկա, նոյնպէս, պարզապէս ժամանակաւոր քոալիսիոն մըն է: Երբ սիւննի-շիի երկփեղկումը յստակ տեղ մը աւարտի, Թուրքիա իր շուրջը կամ մօտերը պիտի չտեսնէ իր սիւննի եղբայրները: Փոխարէնը` այս անգամ, սիւննի եղբայրները թուրքերը իբրեւ մրցակիցներ եւ իրենց արաբ սիւննի եղբայրութեան սպառնալիք պիտի նկատեն (բացի եթէ անշուշտ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կրնայ փաստել, որ թուրքերը իրականութեան մէջ արաբներ են…):

«Տի Իքոնոմիստ» թերթին մէջ վերջերս տպուած յօդուած մը կը պնդէր, որ «Մէկ ոտքը Արեւմուտքի, իսկ միւսը Միջին Արեւելքի մէջ` Թուրքիա կրցած է միջնորդի դեր կատարել Լիբանանի մրցակից կողմերուն, Իրաքի շիիներուն եւ սիւննիներուն, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի եւ Սուրիոյ միջեւ (այս վերջին պարագային մինչեւ Կազայի դէմ 2009-ի իսրայէլեան յարձակումը): «Տի Իքոնոմիստ» կը մէջբերէ Անգարայի մէջ Հոլանտայի նախկին դեսպան Նիքոլաոս վան Տամի խօսքը. «Բոլոր կողմերու հետ խօսելու այս կարողութիւնն է, որ Թուրքիան ազդեցիկ դերակատարի վերածած է: Բայց այժմ ան կողմ ընտրած է»:

Ի դէպ, Թուրքիոյ հարաւային եւ արեւելեան սահմանները այս աստիճան լարուած չեն եղած տասնամեակէ մը ի վեր: Սուրիա 1990-ականներու վերջերուն եղածին նման, կրկին «ռազմական հարց» մը դարձած է: Բայց գաղտնիք մըն է, որ թուրք-պարսկական ճատրակի խաղը վերածուած է պաղ պատերազմի մը, որ օրէ օր կը տաքնայ: Եւ բոլորովին վերջերս Իրաքի կառավարութիւնը յայտարարեց, որ Թուրքիա «թշնամի երկիր է»: Բնականաբար Էրտողան այլեւս Իսրայէլը ատող Հըզպալլայի անդամներուն համար ռոք աստղ մը չէ Լիբանանի մէջ: Արդեօք ոեւէ մէկը «զերօ խնդիր դրացիներուն հետ» ըսա՞ւ:

Հարցերը աւելի նուազ հաճելի ընելու համար, Սուրիոյ տագնապին շուրջ բաւական շատ կեղծաւորութիւն կայ: Էրտողանի պայծառ կողմնակիցներ, ծպտուած` իբրեւ խաղաղութեան մտաւորական գործիչներ, յստակօրէն կը ջատագովեն Սուրիոյ դէմ օդանաւային յարձակումներ: Որո՞ւ կողմէ: Ա՜հ, անշուշտ` Միացեալ Նահանգներու: Բայց դուք չէի՞ք պարոննե՛ր, որոնք բուռն կերպով կ՛ուզէին` «Միջին Արեւելքի քաղաքականութենէն Միացեալ Նահանգներու հեռացումը»: Բացի ատկէ, իրենց ժողովուրդին մեծամասնութիւնը ճզմող, ճնշող վարչակարգերու դէմ զսպիչ, արգելիչ ուժ ունեցող երկիրներու կողմէ օդային յարձակումները եթէ օրինական, արդարացի դարման են, ինչո՞ւ ոչ ռուսական ճշգրիտ օդային յարձակումներ` Պահրէյնի դէմ:

Փաստը այն է, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ չափազանց համակրելի պիտի երեւնար այսօրուան իր թշնամիներէն շատերուն, եթէ ան վաղը Սուրիան անջատէր շիի առանցքէն:

Կրնամ երեւակայել արեւմտեան եւ թրքական վերնագիրներ.

«Նոր ապացոյցներ կը բացայայտեն, որ Ասատ ահաբեկչական քարոզչութեան զոհն է»:

«Անկախ տեղեկութիւններ կը հաստատեն, որ Ասատ անմեղ էր…»:

Վերջերս կենսուրախ Էրտողան ուրախութեամբ յայտարարեց, որ Սուրիոյ դէմ որդեգրուած պատժամիջոցները սկսած են արդիւնքներ տալ, հիմնուելով այն փաստին վրայ, որ Դամասկոսի մէջ կառավարութիւնը այժմ կը ստիպուի օժանդակութիւններ ցրուել սուրիացիներուն: Էրտողան սուրիացի ժողովուրդին բարեկա՞մն է, թէ՞ թշնամին: Ինչո՞ւ ան գոհ է Սուրիոյ ժողովուրդին վիճակէն, տանջանքէն: Ինք չէ՞ր, որ ընդդիմացած էր Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն, որովհետեւ` «պատժամիջոցները միայն անմեղ ժողովուրդը կը պատժեն»: «Սուրիոյ բարեկամները» կ՛ուզեն Պաշշար Ասա՞տը, թէ՞ անոր ժողովուրդը պատժել:

Ի դէպ, պարոն վարչապե՛տ, եթէ Սուրիա բաղկացած է միայն ապստամբներէ եւ դասալիքներէ, անոր բնակչութիւնը փաստերու գիրքերուն մէջ պիտի նշուէր իբրեւ  1 – 2 միլիոն, փոխանակ 22 միլիոնի:

ՊՈՒՐԱՔ ՊԵՔՏԻԼ

«Հիւրրիյէթ»

Share this Article
CATEGORIES