Էն. Պի. Էյ. – Փլէյ-Օֆի Մրցումներ. Սփըրզ Ապահովեց Արեւմտեան Շրջանի Աւարտականի Իր Տոմսը
Երէկ, Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի Բ. հանգրուանին գծով տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, Սան Անթոնիօ Սփըրզ մեծ քայլերով ապահովեց Արեւմտեան շրջանի աւարտականի իր տոմսը, երբ 102-99 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով 4-0 արդիւնքով յառաջացաւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզի վրայ: Արեւմտեան շրջանի աւարտականին անիկա իր դէմ պիտի ունենայ Օքլահոմա Սիթի – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ մրցումին յաղթականը: Անոնց միջեւ այժմ արդիւնքը կ՛ընթանայ 3-1` ի նպաստ Օքլահոմայի: Անոնց միջեւ հինգերորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ այսօր:
Ինչ կը վերաբերի երէկ տեղի ունեցած երկրորդ ճակատումին, Մայեմի Հիթ յաջողեցաւ արդիւնքը 2-2 հաւասարեցնել, երբ 101-93 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ինտիանա Փէյսըրզը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Լեպրըն Ճէյմս նշանակեց 40 կէտ, 18 ռիպաունտ եւ 9 էսիսթ: Անոր խմբակից Տուայն Ուէյն նշանակեց 30 կէտ, 9 ռիպաունտ եւ 6 էսիսթ:

