«Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութիւնը Ազրպէյճանի Կողմէ Ոչ Բարեկամական Քայլերու Պարագային Հայաստանի Պիտի Աջակցի» Կ՛ըսէ Պորտիւժա

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժա երէկ Երեւան-Ասթանա-Քիեւ-Քիշնեւ տեսակամուրջի ժամանակ յայտնած է, որ եթէ Ազրպէյճան Հայաստանի դէմ ոչ բարեկամական քայլերու ձեռնարկէ, ապա կազմակերպութիւնը Հայաստանին անհրաժեշտ օգնութիւն պիտի տրամադրէ:

«Մէկ բան կրնամ ըսել. Հայաստանը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան լիարժէք, լիիրաւ անդամ է, եւ եթէ Հայաստանի դէմ ձեռնարկուին ոչ բարեկամական քայլեր, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան բոլոր անդամ պետութիւնները համապատասխան օգնութիւն ցոյց պիտի տան», ըսած է Պորտիւժա ի պատասխան Մոսկուայի մէջ ազրպէյճանական «ՍալամՆիուզ»-ի թղթակիցին հարցումին, թէ եթէ Ազրպէյճան որոշէ իր տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու համար զինուորական միջոցը օգտագործել, արդեօք Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւնը պիտի միջամտէ՞:

Ըստ անոր, մնացեալ հարցերը նման պարագային պիտի քննարկուին անդամ երկիրներու նախագահներուն կողմէն իրավիճակի գնահատման ժամանակ:

«Ձեր եթէներուն կրնամ պատասխանել տասնեակ եթէներով, սակայն կը կարծեմ, որ ատիկա լուրջ խօսակցութիւն չէ: Յատկապէս զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայութեամբ: Պատրաստ չեմ նման ձեւաչափով քննարկումին», աւելցուցած է ան:

Նիքոլայ Պորտիւժա յայտնած է, որ ինք գոհ է Հայաստանի հետ համագործակցութեան ծրագիրներու իրականացումէն:

Ան երէկ նոյն տեսակամուրջին ժամանակ նաեւ ներկայացուցած է, թէ ի՛նչ ծրագիրներ պիտի իրականացուին այս տարի` աւելցնելով, որ Հայաստանի հետ աշխատանքը բաւական հետաքրքրական է:

«Իբրեւ հիմնական ծրագիրներ` մենք կ՛իրականացնենք խնդիրներ` կապուած միջպետական զինուորական-տնտեսական համագործակցութեան հետ: Այդ ծիրին մէջ հայկական կողմին հետ համաձայնած ենք Հայաստանի տարածքին մէջ ստեղծել 5-6 միացեալ ձեռնարկութիւններ սպառազինութիւններու վերանորոգման, արդիականացման համար: Շատ ուրախ եմ, որ այդ նախագիծերը սկսած են գործնականին մէջ իրականանալ», նշած է Պորտիւժա:

Ան նաեւ ընդգծած է, որ այսպիսի բանակցութիւններ կը տարուին ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ Ղազախստանի, Խըրխըզիստանի, Պիելոռուսիոյ հետ եւ այդ համագործակցութեան շրջագիծին մէջ կը վերականգնուին պետութիւններու զինուորական-արդիւնաբերական համալիրները:

 

Share this Article
CATEGORIES