«Եւրոպական Միութիւնը Հրաշք-Լուծումներ, Արագ Ու Աժան Բաղադրատոմսեր Պիտի Չառաջարկէ» Կ՛ըսէ Աժուպալիս

Աուտրոնիուս Աժուպալիս

Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աուտրոնիուս Աժուպալիս «Եուրոտիալոկ» կայքէջին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է, որ ձգձգուող տագնապները յետխորհրդային տարածքին մէջ, մասնաւորաբար` Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ,  «կը շարունակեն մեծագոյն սպառնալիքներէն մէկը մնալ ԵԱՀԿ-ի ծիրին մէջ համագործակցութեան ու անվտանգութեան համար»: Ան վեց տարուան ձգձգումէ ետք Մերձտնեսթրի շուրջ բանակցութիւններու վերսկսումը կարեւոր նկատած է:

Վրացական խնդիրներով 4-րդ տարին ըլլալով ընթացող Ժընեւի միջազգային քննարկումները ան անվտանգութեան ու կայունութեան «արժէքաւոր նպաստ» կոչած է:

Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի մասին` Աժուպալիս ըսած է. «Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղին, մենք սերտօրէն համագործակցած ենք Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ եւ մեր աջակցութիւնը բերած ենք` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ ատոր շուրջ անկայուն դրութեան վատթարացումը կանխարգիլելու համար: 6 դեկտեմբերին Վիլնիուսի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի միացեալ յայտարարութեան մէջ Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներ եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները համաձայնութեան եկան. պատուիրակութիւններու ղեկավարները համաձայնած էին, որ անհրաժեշտ է շարունակել բանակցային հոլովոյթը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափին մէջ եւ խաղաղ լուծման ուղղութեամբ յառաջընթաց արձանագրելու նպատակով բարելաւել մթնոլորտը»:

«Եւրոպական Միութիւնը վերջերս հաստատած է իր պարտաւորութիւնը ներգրաւուած մնալ Վրաստանի եւ շրջանին մէջ կայունացման ու տագնապի լուծման ուղղուած ջանքերուն մէջ», աւելցուցած է ան:

Աժուպալիս նաեւ ըսած է. «Մենք Արեւելեան գործընկերութիւնը կը նկատենք Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման էական գործիք»:

Առհասարակ, Աժուպալիսի համաձայն, «Եւրասիական միութիւնը, դժբախտաբար, այլեւս կայունութեան ու բարգաւաճման ապահովման հարցին մէջ երկարաժամկէտ լուծում չ՛առաջարկեր, ինչ որ թէ՛ Եւրոպական Միութեան եւ թէ՛ անոր դրացիներու շահերէն կը բխի»: Սակայն Եւրոպական Միութիւնն ալ, ըստ Աժուպալիսի, «Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու ներկայ բոլոր մարտահրաւէրներու լուծման համար երբեք հրաշք-լուծումներ, արագ ու աժան բաղադրատոմսեր պիտի չառաջարկէ»:

Ան նաեւ նշած է, որ տեսանելի եւ անժխտելի են որոշ գործընկեր երկիրներու, ներառեալ` Ուքրանիոյ, Մոլտաւիոյ, Վրաստանի եւ Հայաստանի քայլերը` Եւրոպական Միութեան հետ աւելի խոր համարկման ուղղութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES