Ամերիկայի Հայ Դատի Գրասենեակի Թելեթոնի Ընթացքին Աւելի Քան 2,2 Միլիոն Տոլար Հանգանակուած Է

Կիրակի օր Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի աւանդական թելեթոնը: Մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ»-ը կը հաղորդէ, որ վեց ժամ տեւած թելեթոնին ընթացքին Հայ դատի գրասենեակին նուիրուած է աւելի քան 2.2 միլիոն տոլար:

Ամերիկահայ համայնքը «Հորիզոն» պատկերասփիւռի կայանին ճամբով առիթը ունեցած է ծանօթանալու Հայ դատի գրասենեակի անցնող տարիներու գործունէութեան` ուղղուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, կրթութեան, Հայաստանին եւ Լեռնային Ղարաբաղին ցուցաբերուած օգնութիւններուն:

Հայ դատի գրասենեակը կոչ ուղղած էր միանալու թելեթոնին եւ փոքր լումայ ներդրելու` յանուն համահայկական խնդիրներու լուծման: Թելեթոնին իրենց աջակցութիւնը յայտնած էին ամերիկահայ համայնքի բազմաթիւ յայտնի ներկայացուցիչներ:

Վերջին հանգանակութիւնը, որուն մասնակցած են հազարաւոր ամերիկահայեր, տեղի ունեցած է երկու տարի առաջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES