«Հայաստան Հոգեբանական Ճգնաժամի Մէջ Է» Կ՛ըսէ Ռուզան Առաքելեան

Ռուզան Առաքելեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Ռուզան Առաքելեան «Առաջին լրատուական» կայքէջին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ մրցակցային դաշտ որեւէ երկրի մէջ կրնայ ստեղծուիլ այն պարագային, ուր մենաշնորհ չկայ, բայց Հայաստանի մէջ մենաշնորհներ կան եւ շատ քիչ մարդոց ձեռքը կը գտնուին թէ՛ ներածումը, թէ՛ հայրենական արտադրութիւնը:

Ան նշեց, որ չ՛ուզեր կանխատեսումներ կատարել, բայց քանի որ Հայաստանի մէջ հոգեբանական ճգնաժամ կայ, այս կացութիւնը չի կրնար երկար տեւել:

Ռ. Առաքելեան նշեց, որ «թէեւ տնտեսական ճգնաժամը շատ աւելի դիւրին յաղթահարելի է, քան հոգեբանական ճգնաժամը եւ նախընտրական հոլովոյթները իսկապէս փաստեցին, որ Հայաստան հոգեբանական ճգնաժամի մէջ է: Քանի տակաւին հայ մարդը կ՛ակնկալէ վերաբերմունք, որ երթայ եւ իր ձայնը տայ, ասիկա ամէնէն յստակ ապացոյցն է հոգեբանական ճգնաժամին»:

Share this Article
CATEGORIES