Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Երէկ Փաղանգաւոր կուսակցութեան պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Էլի Մարունիի, այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր դիմաւորուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի կողմէ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու կուսակցութիւնները յուզող ընդհանուր հարցերը:
Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Էլի Մարունի յայտարարեց, որ ՀՅԴ-ի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան միջեւ լիբանանեան հարցերուն շուրջ կան հասարակաց եզրեր, որոնց քննարկումը աւելի խոր կերպով պիտի կատարուի յառաջիկայ հանդիպումներուն ընթացքին:
Այս առիթով երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտարարեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ ՀՅԴ կեդրոն:

