Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Կայքէջին Հետ Հարցազրոյ Մը Ունենալով «Ոչ Լիբանանեան Կողմեր Կ՛ուզեն Հարցերը Հակակշիռէ Դուրս Բերել» Յայտարարեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան կայքէջի հարցումներուն պատասխանելով անդրադարձաւ երկրի ընդհանուր կացութեան, յատկապէս վերջին իրադարձութեանց լոյսին տակ` նշելով, որ երկխօսութիւնը յարմարագոյն լուծումն է հարցերուն: Դատապարտելով շէյխ Ահմետ Ապտել Ուահետի եւ անոր ընկերակիցին սպանութիւնը ան համաձայն գտնուեցաւ երկխօսութեան վերսկսման:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- ՀՅԴ-ն ինչպէ՞ս կ՛ընթերցէ Աքքարի եւ Պէյրութի ապահովական իրադարձութիւնները եւ ի՞նչ է միջոցը հարցերու բնականոնացման:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.– «Առաջին, կը ցաւինք Աքքարի դէպքերուն համար եւ բուռն կերպով կը դատապարտենք շէյխ Ահմետ Ապտել Ուահետի եւ ընկերակիցին սպանութիւնը:
Երկրորդ, ներքին հիմնական պատճառը` քաղաքական խօսակցական բիրտ ոճն է, զոր քաղաքական կողմեր կ՛որդեգրեն` տեղի տալով ժխտական անդրադարձներու:
Երրորդ, Գետնի վրայ պատահող բոլոր դէպքերը պիտի գան ցոյց տալու, թէ բոլոր գործողութիւնները պիտի յանգին ներքին երկպառակումներու: Իսկ երկպառակութիւնը արգիլուած է, որովհետեւ փորձեցինք զէնքն ու պատերազմը եւ տեսանք հետեւանքները: Լիբանանի մէջ առանց երկխօսութեան լուծում չկայ, եւ մեր կեցուածքը յստակ է` երկխօսութիւնը լուծումն է լիբանանեան հրապարակին վրայ արծարծուող բոլոր հարցերուն:
Հ.- Ուրեմն համաձայն էք ու կը զօրակցիք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի երկխօսութեան վերսկսման գծով արձակած կոչին, սակայն, արդեօք մթնոլորտը յարմա՞ր է երկխօսութեան վերսկսման»:
Պ.- Մենք համաձայն ենք երկխօսութեան, որեւէ կողմէ, որ ուղղուի անիկա ու յատկապէս խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ:
Համաձայն ենք երկխօսութեան, նախագահ Միշել Սլէյմանի հովանաւորութեամբ եւ որեւէ նիւթի շուրջ, որ ան նպատակայարմար կը նկատէ, որովհետեւ տարակարծութեան նիւթն անգամ կը յանգի վէճի ու կը թարգմանուի զինուորական ու ապահովական խնդիրներով:
Հ.- Կը խորհի՞ք, որ երկրին ներքին իրավիճակը տակաւին կարելի է հակակշիռի տակ պահել, թէ` հարցերը դուրս եկած են իրենց բնոյթէն տարբեր ուղղութեամբ:
Պ.- Ոչ լիբանանեան կողմեր կան, որոնք կը փափաքին, որ Լիբանանի դէպքերը դուրս գան իրենց հունէն ու դառնան անհակակշռելի: Սակայն, կը խորհիմ, որ քաղաքական, զինուորական թէ ապահովական ղեկավարներու պատասխանատուութիւնն է յատուկ յանձնառութեամբ հետապնդել հարցերը, որպէսզի կարելի ըլլայ հակակշիռի տակ պահել զանոնք: Հոս կ՛ուզեմ նշել, որ չենք կրնար համայնքային դիտանկիւնէ մօտենալ ապահովական թէ զինուորական կառոյցներուն: Արդարեւ, բանակը, ներքին ապահովութեան ուժերը, ընդհանուր ապահովութեան ուժերը, պետական անվտանգութեան կառոյցը եւ բոլոր կառոյցները պէտք է ծառայեն ի սպաս Լիբանանի եւ քաղաքացիին ու պաշտպանեն զայն: Արդ, պէտք է յանգիլ այն ամբողջական համոզումին, թէ երկրին ապահովական ու զինուորական կառոյցները կարմիր գիծ են ու արգիլուած է շրջանցել զանոնք: Հոսկէ, կոչ կ՛ուղղեմ կառոյցներուն` մեծ պատասխանատուութեամբ մօտենալու հարցերուն եւ հսկելու երկրի ապահովութեան, որովհետեւ կայունութիւն չեմ տեներ երկրին մէջ: Ապահովութիւնը կորսուած է, ապահովական կառոյցներուն կը մնայ յանցագործներուն հետ վարուիլ օրինական միջոցներով ու հաստատութիւնները պարտին իշխել երկաթեայ բռունցքներով:
Այսօր, մենք տակաւին կը տառապինք լիբանանեան պատերազմի հետեւանքներէն: Փաստօրէն, երբ չենք պատժեր յանցագործ ոճրագործը եւ (ապօրինի) զէնք կրողը` կարծէք ըսած կ՛ըլլանք` «Աստուած թող ներէ անցեալին կատարուածը»: Այսօր ժամանակն է, որ հաստատութիւնները տէր կանգնին իրենց պատասխանատուութեան ու պատժեն բոլոր օրինազանցները Լիբանանի մէջ:

