Քուէյխաթի Զոհերը Հողին Յանձնուեցան Ցասումի Մթնոլորտի Մէջ. Սպաննուած Շէյխ Ապտել Ուահետի Հետեւորդները Կը Սպառնան Սաստկացնել Կացութիւնը, Եթէ Անտեսուին Իրենց Պահանջները
Ցասումի եւ զայրոյթի բուռն մթնոլորտի մէջ ու կրակոցներու տարափին տակ երէկ յետմիջօրէին, Հիւսիսի Աքքարի շրջանի Հալպա գաւառի բնակիչները հողին յանձնեցին Քուէյխաթի դէպքին զոհերը` շէյխ Ահմետ Ապտել Ուահետն ու անոր ընկերակիցը: Անոնց դիակներուն մինչեւ ծննդավայր` Պիրէ գիւղաքաղաք ժամանումը, թափօրը բազմիցս կանգ առաւ ճամբուն ընթացքին` տեղի տալով բողոքի ու միաժամանակ զոհերու յարգանքի երեւոյթին: Յետմիջօրէի յաւուր պատշաճի արարողութենէն ու արտասանուած դամբանական խօսքերէն ետք երկու զոհերը թաղուեցան Պիրէ գիւղաքաղաքի գերեզմանատան մէջ:
Նշենք, որ Պիրէ գիւղաքաղաքը Հիւսիսի այն շրջաններէն է, որ Քաուաշրայի նման թրքական պետութեան յատուկ հոգատարութեան արժանացած է եւ ուր թրքական պետական ու առնչակից կողմերու ջանքերով դպրոց մը հիմնուած է: Թուրքիա կը փորձէ «վերազարթնել այդ շրջաններու թրքական, իմա` օսմանեան ինքնութիւնը, որ կ՛երթայ մինչեւ օսմանցիներու կողմէ արաբական աշխարհի, ներառեալ` Լիբանանի տիրապետութեան օրերը:
Ինչ կը վերաբերի յուղարկաւորութեան արարողութեան, այս առիթով արտասանուած խօսքերը ուղղակիօրէն դատապարտեցին լիբանանեան բանակը` պահանջելով «յանցագործ» զինուորականներու յանձնումը եւ հարցին Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդին փոխանցումը:
Երեսփոխան Մույին Մերեհպի պահանջեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հրաժարումը` զայն նկատելով «Իր առաքելութեան մէջ ձախողած հրամանատար»:
Երեսփոխան Խալետ Տահեր, իր կարգին դատապարտեց բանակը եւ պահանջեց Միքաթիի գլխաւորած կառավարութեան հրաժարումը:
Աքքարի ու մերձակայքի իսլամ կրօնաւորներու եւ հոգեւոր պետերու ժողովը դատապարտեց դէպքը` պահանջելով յանցագործներու յանձնումը:
Շէյխ Ապտել Ուահետի համակիրներէն խումբ մը զինեալներ բացայայտօրէն սպառնացին սաստկացնել շրջանի ապահովական վիճակը, եթէ ընթացք չտրուի իրենց պահանջներուն:
Իսկ դատախազ Սաքր Սաքր յետ քննութեան այս գծով որոշեց արգելափակել դէպքին պատասխանատու երեք սպաներ եւ 19 զինուորներ:
Միւս կողմէ, հաւանական նկատուեցաւ, որ Թրիփոլիի արգելափակեալ Շատի Մաուլաուի այսօր` երեքշաբթի ազատ արձակուի:
Նախքան սպաննուած շէյխին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, միւֆթիներու արտակարգ ժողովի աւարտին կոչ ուղղուեցաւ շրջանի զինեալներուն եւ պատկան կողմերուն` վերաբանալու ճամբաները, առիթ տալու համար յուղարկաւորութեան եկող պատուիրակութեանց ապահով երթեւեկին:
Սակայն յետ յուղարկաւորութեան արարողութեան, երեկոյեան զինեալներ վերստին այրած անիւներով փակեցին Հիւսիս առաջնորդող գրեթէ բոլոր ճամբաները: Անոնք վերստին փորձեցին խափանել բանակին ճիգերը` ճամբաները ամէն գնով բաց պահելու իմաստով:
Մինչ այդ, լիբանանեան բանակէն պատուիրակութիւն մը այցելեց հանրապետութեան միւֆթիին` խորհրդակցելով դէպքի վերջին զարգացումներուն շուրջ եւ այս գծով բանակին տեսակէտը պարզելով:
Տար Ֆաթուային մէջ Միւֆթիներու ընդհանուր ժողովը դատապարտեց դէպքը` կոչ ուղղելով ինքնազսպումի դիմելու եւ պատկան կողմերէն պահանջելով անյապաղ լուծման քայլերու ձեռնարկելու:
Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանին ներկայացնելով յուղարկաւորութեան իր կարգին կոչ ուղղեց ինքնազսպումի: Բանակի հրամանատարին թէ կառավարութեան հրաժարման պահանջներուն մասին հարցապնդուելով` միւֆթի Շաար թելադրեց սպասել հետաքննութեանց արդիւնքներուն` իր խոր յարգանքը արտայայտելով պետական կառոյցներուն ու յատկապէս զինուորական հաստատութեան մասին:
Նշենք, որ յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին ու անկէ ետք գրեթէ ներքին ապահովութեան ուժերն էին, որոնք կը հսկէին Հիւսիսի` Աքքարի կացութեան: Բանակը զգուշաւոր կերպով հեռու պահուած էր զայրացած ամբոխէն:
Երէկ Պէյրութի երեսփոխանները ժողով մը գումարելով իրենց կարգին դատապարտեցին դէպքը եւ պահանջեցին պատասխանատու կողմերու ու կառավարութեան հրաժարումը:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հակադարձելով հրաժարումի պահանջներուն ըսաւ. «Պէյրութի երեսփոխաններուն այդ պահանջը կը ցոլացնէ անոնց փափաքը վերատիրանալու անոր, որ իրենց իրաւունքը կը նկատեն»:


