Գիշերային Բուռն Բախումներէ Ետք Թարիք Ժտիտէի Շրջանը Վերագտաւ Իր Զգուշաւոր Հանդարտութիւնը
Շնորհիւ բանակի ու ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ միջնորդ խաղաղարար կողմերուն, երէկ կանուխ առաւօտուն կարելի եղաւ դադրեցնել կիրակիէն երկուշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին Արեւմտեան Պէյրութի Թարիք Ժտիտէ շրջանին մէջ ծագած բուռն բախումները: Արդարեւ, Մուսթաքպալ հոսանքի համակիրներ, իբրեւ բողոք Քուէյխաթի դէպքին դէմ, Թարիք Ժտիտէի թաղամասերուն մէջ, Պէյրութի հարաւ արեւմտեան արուարձանին մօտ, սկսան բողոքի ելոյթներու դիմել կրակոցներով ու ճամբաներու փակումով, յատկապէս Արաբական հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Շաքեր Պերժաուիի կեդրոնատեղիին առջեւ: Փոխադարձ բուռն զինարձակումներէն ետք նշեալ կուսակցութեան ղեկավար Շաքեր Պերժաուի ստիպուեցաւ լքել իր գրասենեակը:
Երէկ ան մամլոյ ասուլիս մը տալով ուղղակիօրէն ամբաստանեց Մուսթաքպալ հոսանքի հետեւորդները` իբրեւ պատասխանատու զինարձակման սկսման ու իր կուսակցութեան եօթը յարկանի կեդրոնատեղիի հրկիզումին:
Նշենք, որ մերձակայ Պէյրութի արաբական համալսարանէն նշեալ շէնքը բնակող 20 ուսանողներ երէկ լքեցին իրենց բնակարանները:
Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի եւ այլ պատասխանատուներ այցելեցին դէպքին վայրը: Այս առիթով զօր. Ռիֆի շեշտեց, որ շրջանի ապահովութիւնը ստանձնած են լիբանանեան (եւ ոչ թէ օտար) բանակային ու ներքին ապահովութեան ուժեր:


