«Արաբական Կարգ Մը Երկիրներու` Լիբանանէն Հեռանալու Կոչը Ժամանակաւոր Է» Յայտարարեց Նախարար Ատնան Մանսուր
«Արաբական կարգ մը երկիրներու իրենց քաղաքացիներուն ուղղած կոչը` խուսափելու Լիբանան ժամանելէ, ժամանակաւոր որոշում է ու կ՛առնչուի երկրին ապահովական վերջին իրադարձութեանց», երէկ յայտարարեց արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր` ընդգծելով, որ ինք մնայուն կապի մէջ է պատկան կողմերուն` Քաթարի թէ Քուէյթի վարիչներուն հետ, եւ լիայոյս է, որ անոնց այս որոշումը շուտով վերատեսութեան կ՛ենթարկուի:
Նշենք, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Քաթարէն ու Պահրէյնէն ետք, երէկ Քուէյթ եւս նմանօրինակ կոչ ուղղեց իր քաղաքացիներուն` խուսափելու Լիբանան մեկնելէ, իսկ Լիբանան գտնուողներն ալ` դուրս գալու երկրէն:
Նմանապէս, Միացեալ Նահանգներ զգուշացուցին Լիբանան գտնուող իրենց քաղաքացիները աչալրջութեամբ եւ զգուշաւոր կերպով շրջագայելու Լիբանանի մէջ:
Իսկ Սէուտական Արաբիա որոշ ատենէ ի վեր հրապարակած է նման որոշում, սակայն գաղտնի կը պահէ զայն ու չի բացայայտեր:
Զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտ յառաջիկայ շաբաթ պիտի ձեռնարկէ արաբական շրջապտոյտի մը` պարզելու եւ հարթելու համար վերջին զգուշացումներուն տուն տուող պատճառները:


