Աշխատանքի Առիթներու 11-րդ Ցուցահանդէս. «Աշխատանքի Կարելիութիւններ Կան Բոլոր Մարզերու Մէջ» Յայտարարեց Նախարար Սապունճեան

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան բացումը կատարեց Աշխատանքի առիթներու 11-րդ ցուցահանդէսին` ամերիկեան «Էյ. Եու. Էս. Թի.» համալսարանին մէջ, ներկայութեամբ համալսարանի նախագահ Հիամ Սաքրի եւ այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներու, ակադեմականներու եւ ուսանողներու:

115 հաստատութեանց մասնակցութեամբ կազմակերպուող Աշխատանքի առիթներու 11-րդ ցուցահանդէսը` «Ճոպ ֆէյր- 2012» կու գայ յաւելեալ յոյս ներշնչելու եւ գօտեպնդելու լիբանանցիներուն ու յատկապէս երիտասարդ ուսանողներն ու շրջանաւարտները` Լիբանանի կացութեան կայունութեան գծով: Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ նախարար Վրէժ Սապունճեան բարձր գնահատեց այս ուղղութեամբ պատկան կողմերու տարած ճիգերը` ընդգծելով, որ աշխատանքի առիթները միշտ եւ ամէն տեղ, Լիբանանի բոլոր մարզերուն մէջ ձեռնտու են:

«Այս իմաստով Լիբանան կը գերազանցէ իր մերձակայ երկիրները` շնորհիւ լիբանանցիի ճկունութեան, համբերատար եւ յարատեւ աշխատելու կամքին ու անոր անհատական նախաձեռնութեան ոգիին», ընդգծեց նախարար Սապունճեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES