«Երուսաղէմը Միացեալ Քաղաք Պիտի Մնայ, Եւ Զայն Մասնատելը Կրնայ Կրօնական Պատերազմի Առաջնորդել» Կ՛ըսէ Նեթանիահու

Պենիամին Նեթանիահու

Գերմանական լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնած է, թէ «Երուսաղէմը միացեալ քաղաք պիտի մնայ»` զգուշացնելով, որ «Երուսաղէմի մասնատումը կրնայ կրօնական պատերազմի առաջնորդել»:

Նեթանիահու Երուսաղէմի երկու հատուածներու միաւորման եւ Իսրայէլի կցման տարեդարձին առիթով ըսած է, որ «պատմութիւնը մեզի սորվեցուց, որ միայն իսրայէլեան գերիշխանութեան տակ կրօններուն միջեւ խաղաղութիւնը եւ հանդարտութիւնը կը պահուի»:

Ան նշեց, որ «մասնատուած քաղաքը միաւորուեցաւ եւ այդպէս ալ պիտի մնայ»:

Share this Article
CATEGORIES