«Սուրիոյ Կացութեան Նկատմամբ Մտահոգ Ենք, Սակայն Օթան Զինուորական Միջամտութեան Նպատակ Չունի» Կ՛ըսէ Ռասմուսեն
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն յայտարարեց, որ «դաշինքը Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւն կատարելու նպատակ չունի»:
Ռասմուսեն Շիքակոյի մէջ տեղի ունեցած ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին ընթացքին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «թոյլ տուէք շեշտեմ, որ մենք Սուրիոյ մէջ կացութեան նկատմամբ շատ մտահոգ ենք: Կը կարծեմ, որ անոր հետ վարուելու եւ լուծումներ գտնելու լաւագոյն ձեւը ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրն է»:
Ան աւելցուց, որ ՕԹԱՆ խորապէս կը ցաւի, որ «սուրիական ղեկավարութիւնը կը թուի չյարգել Անանի ծրագիրը, եւ մենք կը դատապարտենք սուրիական ապահովութեան ուժերու վարմունքը եւ քաղաքայիններու բռնաճնշումը»:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հրապարակեց հրամանագիր մը, որ Սուրիոյ նորընտիր խորհրդարանը կը հրաւիրէ յառաջիկայ հինգշաբթի օր իր առաջին նիստը գումարելու:


