«Ֆրանսական Ուժերու Աֆղանիստանէն Հեռացումը Բանակցելի Չէ» Կ՛ըսէ Հոլլանտ
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ հաստատեց, որ Ֆրանսա վճռակամ է «իր մարտական ուժերը այս տարի Աֆղանիստանէն հեռացնելու, եւ ՕԹԱՆ-ի անդամ իր դաշնակիցներուն հետ համաձայնութիւն գոյացուց, որ 2013-ի ընթացքին Ֆրանսա միայն աֆղանական ոստիկանական ուժերը մարզելու համար ուժեր պիտի տեղակայէ»:
Հոլլանտ Շիքակոյի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին ընթացքին իր պաշտօնակիցներուն հետ իր առաջին հանդիպումներէն ետք լրագրողներուն յայտնեց, որ «այս սկզբունքներուն շուրջ յաջողեցանք համաձայնութիւն գոյացնել»: «Այս կէտը բանակցելի չէր, որովհետեւ ֆրանսական գերիշխանութեան հետ կապ ունի: Բոլորը հասկացողութիւն ցուցաբերեցին… Ասիկա մեր ընտրանքն էր, սակայն ամբողջ գործողութիւնը հարցականի տակ չ՛առներ»:
Ֆրանսայի նախագահը յայտնեց, որ Աֆղանիստանի նախագահ Համիտ Քարզայի հետ այս հարցը քննարկած է, ինչպէս նաեւ շեշտած է 2014-ին բոլոր օտար ուժերու Աֆղանիստանէն հեռացումէն ետք այդ երկրին աջակցելու Ֆրանսայի յանձնառութիւնը:
Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն վեհաժողովի բացումէն առաջ մեկնաբանելով ֆրանսական ուժերը մինչեւ տարուան աւարտը Աֆղանիստանէն դուրս բերելու Հոլլանտի նախընտրական խոստումը յայտարարած է, որ դաշինքը Աֆղանիստանէն իր ուժերու դուրսբերումը պիտի արագացնէ:
«Քաղաքական գործիչները պէտք է իրականացնեն իրենց խոստումները: Այդ հոլովոյթը (ֆրանսական ուժերու հեռացումը) պիտի համակարգուի ՕԹԱՆ-ի հետ եւ պիտի իրականացուի դաշինքին մէջ կայացած խորհրդակցութիւններէն ետք», նշած է ան:
Ան ՕԹԱՆ-ի անունով Աֆղանիստանի իշխանութիւններուն աջակցութիւն խոստացած է` նշելով, որ ՕԹԱՆ Աֆղանիստանը արագօրէն լքելու չի պատրաստուիր եւ պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը, մինչեւ որ այդ երկրին մէջ առաքելութիւնը յաջողութեամբ աւարտէ:
Ֆրանսական նախորդ վարչակազմը կը պնդէր, որ նման բարդ գործողութեան գործադրութիւնը սեղմ ժամկէտի մէջ կարելի չէ: Զինուորական մասնագէտներու պնդումով` 3600 ֆրանսացի զինուորներու եւ 1200 միաւոր զինուորական կազմածներու դուրսբերման համար 12-էն 18 ամիսի կարիք կայ:


