Վրաստան Եւ Ազրպէյճան Դաւիթ Կարեճի Վանքի Հարցով Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են

Շոթա Ուտիաշվիլի

Վրացական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանային բաժիններու ղեկավարները երկու երկիրներուն նախագահներուն յանձնարարականին հիմամբ Դաւիթ Կարեճի վանական համալիրին գծով ծագած խնդիրին գծով բանակցութիւններ կատարած են:

Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութեան վերլուծութեան եւ տեղեկատուութեան բաժանմունքի պետ Շոթա Ուտիաշվիլիի յայտարարութեան համաձայն, Զազա Կոկաւա եւ Էլչին Կուլիեւ համալիրի շրջանին մէջ սահմանապահներու որոշակի կեցուածքին շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են:

«Կողմերը համաձայնած են, որ ազրպէյճանցի սահմանապահները պիտի վերադառնան 6 մայիսի իրենց դիրքերուն, վրացի եւ արտասահմանցի զբօսաշրջիկներուն պիտի արտօնեն Ազրպէյճանի տարածքին մէջ գտնուող համալիրի տարածք մուտքը, իսկ վրացական կողմը պիտի երաշխաւորէ, որ անոնք ազրպէյճանական տարածքներու խորք մուտք չգործեն», նշած է Ուտիաշվիլի:

20 մայիսին Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Կրիկոլ Վաշածէ յայտնած էր, որ յառաջիկային Վրաստանը Դաւիթ Կարեճիի վանքի սահմանային հատուածին հետ կապուած միացեալ սահմանագծումի յանձնախումբի նիստ գումարելու խնդրանքով պիտի դիմէ Ազրպէյճանին:

 

Share this Article
CATEGORIES