Ընդդիմադիր Թեկնածու Նիքոլիչ` Սերպիոյ Նախագահ
«ՌԻԱ նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սերպիոյ մէջ կիրակի օր կայացած նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ հանգրուանին անակնկալ մը արձանագրուած է. յաղթանակ արձանագրած է ընդդիմադիր թեկնածու` Սերպիոյ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, 60-ամեայ Թոմիսլաւ Նիքոլիչ:
Թէեւ նախնական տուեալներով Նիքոլիչի իր մրցակիցին` նախկին նախագահ Պորիս Թատիչի նկատմամբ առաւելութիւնը ընդամէնը 1.5-2 առ հարիւր է, սակայն Թատիչ ընդունած է իր պարտութիւնը եւ մինչեւ իսկ հանդէս եկած շնորհաւորական ուղերձով: «Ես կը շնորհաւորեմ Թոմիսլաւ Նիքոլիչը յաղթանակի կապակցութեամբ: Ատիկա ազնիւ եւ վաստակած յաղթանակ էր: Անոր կը մաղթեմ մեծ յաջողութիւններ այս բաւական ծանր պաշտօնին վրայ», ըսած է Թատիչ իր նախընտրական գրասենեակին մէջ ուղղած ուղերձին մէջ:
Թատիչի պարտութիւնը անակնկալ էր, որովհետեւ նախընտրական բոլոր հարցախոյզները կը վկայէին այն մասին, որ ան 16 կէտի առաւելութեամբ պիտի յաղթէ: Յատկանշական է, որ նախագահական ընտրութիւններու առաջին հանգրուանին Թատիչ շատ չնչին` 10 հազար ձայնի կամ 0.25 առ հարիւրի առաւելութիւն մը ունէր:
Վերլուծաբանները արդէն իսկ որակած են ընտրութեան արդիւնքները իբրեւ «քաղաքական երկրաշարժ»` յատկապէս նոր կառավարութիւն ձեւաւորելու հաւանական խնդիրներով պայմանաւորուած: Պորիս Թատիչ ըսած է, որ տակաւին չէ որոշած իր հետագայ գործունէութիւնը:
Նիքոլիչ իր կարգին նախընտրական շրջանին յայտարարած է, որ պիտի զարգացնէ յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան եւ Ռուսիոյ հետ:
Սերպիոյ նախագահը կ՛ընտրուի 5 տարուան նստաշրջանի մը համար:

