ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Դեսպան Աշոտ Քոչարեանին
Երէկ` երկուշաբթի, 21 մայիսին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան մէկ պատուիրակութիւնը այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանին:
Հանդիպումը եղաւ շատ ջերմ եւ անիկա ընթացաւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ: Շրջանային վարչութեան պատուիրակութիւնը խօսեցաւ ցարդ իր իրագործած եւ յառաջիկային իրագործելիք ծրագիրներուն մասին:
Հանդիպման աւարտին, Շրջանային վարչութեան պատուիրակութիւնը Մայիսեան փառատօնին հրաւէրը փոխանցեց դեսպան Քոչարեանին, որ ընդառաջելով այդ հրաւէրին խոստացաւ ներկայ գտնուիլ փառատօնին:
CATEGORIES Գաղութային

