Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Ռըսոլ` 44-45

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, երէկ ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջիկները կրեցին իրենց երկրորդ յաջորդական պարտութիւնը Ռըսոլէն` 45-44 արդիւնքով:

ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) տեղի ունեցած այս մրցումին, թէեւ ՀՄԸՄ Ա. կիսախաղին 23-22 կը յառաջանար, սակայն Բ. կիսախաղին պատկերը շրջուեցաւ եւ մրցակից կազմը ինք հանդիսացաւ մրցումին յաղթականը:

3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը երեկոյեան ժամը 18:30-ին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ եւ ՀՄԸՄ Պէյրութ կը մրցին իրարու դէմ: Մրցումը, որ մնացեալ բոլոր մրցումներուն նման տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:30-ին:

Share this Article
CATEGORIES