Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Անիպալ Զահլէ` Լիբանանի Բաժակակիր

PROFOTO

Երէկ` երկուշաբթի, 21 մայիսին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Անիպալ Զահլէ եւ Հուփս:

Իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով պեքաայեան կազմը իր առաջին պաշտօնական տիտղոսին տիրացաւ, երբ 77-65 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հուփսը:

Մրցումին աւարտին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Պարաքեթ տիտղոսը յանձնեց Անիպալի խմբապետ Ռոտրիկ Աքըլի, որմէ ետք խումբին մարզիկները իրենց յաղթանակը տօնեցին` ուսամբարձ գրկելով ակումբին գլխաւոր բարերարը` Ուատիհ Ապսին:

 

Share this Article
CATEGORIES