Ֆրանսական Ֆութպոլ. Մոնփելիէ Հանդիսացաւ Ախոյեան
Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 38-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Մոնփելիէ ախոյեան հանդիսանալու համար պէտք ունէր յաղթանակի, կամ նոյնիսկ` հաւասարութեան ալ:
Անիկա յաջողեցաւ հանդիսանալ ախոյեան` Օքսեռի դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, անիկա տարեշրջանը աւարտեց 82 կէտով` երեք կէտով գերազանցելով Փարիզ Սեն Ժերմենը, որ իր կարգին, իր դաշտէն դուրս նոյն արդիւնքով յաղթեց Լորիանի:
CATEGORIES Մարզական

