Քարթինկ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. 3-րդ Հանգրուանի Մրցումներուն Արդիւնքները

Կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ին, նախորդ շաբաթավերջին «Փիթ Սթափ»-ի վազքուղիին վրայ (Զուք) տեղի ունեցան Լիբանանի քարթինկի 2012 տարեշրջանի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումները:

14-17 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ առաջին հանդիսացաւ Փաթրիք Նըժէյմ (15′ 30″), իսկ 10-13 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ` Քրիսթոֆըր Նըժէյմ (17′ 00″):

Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն` ներկայութեամբ Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի պատասխանատուներէն Կեպի Քրեքըրի:

Share this Article
CATEGORIES