Ծանրաբարձութիւն. Գոռ Մինասեան Պրոնզէ Մետալակիր
Կուաթեմալայի մէջ տեղի ունեցած ծանրաբարձութեան աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչները հոնկէ վերադարձան միայն պրոնզ մետալով մը:
Գերծանր դասակարգին մէջ, Գոռ Մինասեան ընդամէնը բարձրացնելով 417 քկ (190+227) հանդիսացաւ երրորդ: Ան արծաթ մետալը շատ չնչին տարբերութեամբ մը զիջեցաւ իրանցի Պահատուր Մուլայէիին: Այս դասակարգին մէջ աշխարհի ախոյեան հանդիսացաւ ռուս Մակոմետ Ապույեւ, որ բարձրացուց 426 քկ (191 + 235):
60 քկ դասակարգի մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերած Անդրանիկ Կարապետեան գրաւեց 10-րդ դիրքը:
CATEGORIES Մարզական

