Հենրիխ Մխիթարեան` Շախտիոր Տոնեցքի 2011-2012 Տարեշրջանի Լաւագոյն Մարզիկը

Հենրիխ Մխիթարեան

PanARMENIAN.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան իր ակումբին` Շախտիոր Տոնեցքի համակիրներուն կողմէ ընտրուած է 2011-2012 տարեշրջանի լաւագոյն մարզիկը` Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն իր արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն համար:

Այս քուէարկութեան մասնակցած են 1250 անձեր: Մխիթարեանի ի նպաստ քուէարկած են 474 անձեր, այսինքն` 37,95 առ հարիւրը: 417 անձեր (33,36 առ հարիւրը) քուէարկած են միջանապահ Ռազուան Ռացիի: Իսկ երրորդ դիրքը 5,52 առ հարիւրով (69 անձերու քուէներով) գրաւած է պրազիլցի Վիլիան:

Share this Article
CATEGORIES