Թրիաթլոն. Լիբանանցի Նասըր Եւ Անգլիացի Մորվուտ Առաջին Հանդիսացան
Կազմակերպութեամբ «Ինթըր Լեպանոն» ակումբին ու Պաթրունի քաղաքապետութեան, եւ հսկողութեամբ Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնին, կիրակի, 20 մայիսին, Պաթրունի մէջ տեղի ունեցաւ Թրիաթլոնի մրցում մը` մասնակցութեամբ աւելի քան 400 երկսեռ վազողներու:
Անոր ազդանշանը տրուեցաւ «Սան Սթեֆանօ» մարզահամալիրին առջեւէն` ներկայութեամբ ուժանիւթի եւ ջուրերու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի:
Վազողներուն կարգին էր Լիբանանի մէջ Անգլիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր, իսկ ներկաներուն կարգին` Պէյրութի միջազգային մարաթոնի յանձնախումբի նախագահ Մէյ Խալիլ:
Տղոց պարագային առաջին դիրքը գրաւեց միջազգային թրիաթլոնի ախոյեան Ռոյ Նասըր, որ երեք մարզաձեւերը (Լողարշաւ, հեծելարշաւ եւ վազք) կատարեց առանձին: Երկրորդ հանդիսացաւ անգլիացի Ռայըն Մաքնոս, իսկ երրորդ` Միշել Նապաթի:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումին, առաջին դիրքը գրաւեց անգլիացի Լիւսի Մորվուտ, իսկ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Քարոլ Ղանեմ եւ Քարոլ Պոյաճեան:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն` ներկայութեամբ Պաթրունի քաղաքապետ Մարսիլինօ Հըրքի:

