50 Տարի Առաջ ( 23 մայիս 2012 )
Խմբագրական
Խոստովանութիւն Մը…
Մեր այսօրուան թիւի երրորդ էջին մէջ, Պոլսոյ «Ենի Սապահ» թերթէն առնելով, կը հրատարակենք յատկանշական լուր մը` «Իսլամացած հայերը քրիստոնեայ կը դառնան» խորագրին ներքեւ: Յիշեալ թերթին համաձայն, անցեալ յունուարէն ի վեր 192 իսլամներ կրօնափոխ եղած են: Նախապէս «Ալի անունը կրողը` Արա, Քեմալը` Նուպար եւ Ռուհիէն` Ռազմուհի անունը առած են»:
Այս մանրամասնութիւնները տալէ ետք, «Ենի Սապահ» կը կատարէ յատկանշական խոստովանութիւն մը: Առաջին անգամ ըլլալով` թուրք մը արար աշխարհի առջեւ կը խոստովանի, թէ ինչպիսի ոճիր մը գործուած է ազնուական ժողովուրդի մը հանդէպ, որուն միակ յանցանքը եղած է իր պապենական հողերուն վրայ մարդավայել ապրելակերպ մը ունենալ եւ լծուիլ շինարար աշխատանքի:
Արդարեւ, թուրք թերթը կը գրէ.
«Անկախութեան պատերազմին նախորդող տարիներուն տեղի ունեցած հայկական ջարդերը ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԴԱՐՁՈՒՑԱԾ ԷԻՆ, որպէսզի բազմաթիւ քրիստոնեաներ իսլամանան եւ այն ատեն իսլամացող անձերուն զաւակները հիմա հիմնական իրաւական ատեաններուն դիմելով` մաս առ մաս սկսած են փոխել իրենց կրօնը»:
«Ենի Սապահ», իբրեւ բացատրութիւն, հետեւեալ խօսքը կը դնէ այդ «դաւանափոխներու» բերնին մէջ.
«ՄԵՆՔ ՍՈՒՐՈՎ ԲՌՆԻ ԻՍԼԱՄԱՑԱԾ ԷԻՆՔ, ԿԸ ՆԱԽԸՆՏՐԵՆՔ ԳԻՐՔՈՎ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԸԼԼԱԼ»:
Մօտ երկու հարիւր «դաւանափոխներու» բերնին մէջ գրուած այս խօսքը որքա՞ն պիտի ուզէին ըսել տասնեակ հազարաւորներ, որոնք այսօր մինչեւ իսկ մոռցած են իրենց ծագումը: Արդարեւ, առաջին ընդհանուր պատերազմի ահաւոր օրերուն, երբ թուրք իշխանութիւնները նախճիրներ կը կազմակերպէին հայկական գաւառներու մէջ, անհամար եղաւ թիւը անոնց, որոնք բռնի հաւատափոխ դարձան կամ իրենց կեանքը փրկելու համար հրաժարեցան իրենց պապերու կրօնէն, այս պարագային` հայութենէն:
Քանինե՜ր, դեռատի աղջիկ ու տղայ, թրքական հարեմներու մէջ թրքացան` անհետ կորսուելով հայութեան համար, որ այլապէս կը կոտորակուէր հարիւր հազարներով, անապատի կիզիչ աւազներուն վրայ կամ Եփրատի փրփուրներուն մէջ:
Անցեալ օր կը գրէինք. «Եթէ թուրքը չըսէ, օտարը պիտի հաստատէ, ու եթէ ան ալ չըսէ, պատմութիւնը պիտի խօսի»:
Ճակատագրի ի՜նչ հեգնանք. պատմութիւնը սկսած է խօսիլ նոյնինքն թուրքին բերնով, խարանիչ խոստովանութեամբ մը, որ յաւիտենապէս անարգանքի սիւնին պիտի գամէ ջարդարար ժողովուրդ մը` իր անպատում ոճիրներուն համար:
Իւրաքանչիւր ապրիլ 24-ին, երբ հայութիւնը միահամուռ կը յարգէ յիշատակը տարագրութեան ճամբաներուն վրայ մարտիրոսացած իր բիւրաւոր նահատակներուն, խոր կսկիծով կ՛ապրի նաեւ տառապանքը այն անհամար հայորդիներուն, որոնք հոգեպէս կորսուեցան, որովհետեւ «հայկական ջարդերը անհրաժեշտ դարձուցած էին, որպէսզի բազմաթիւ քրիստոնեաներ իսլամանան»:
Ո՞վ պիտի տայ հաշիւը մեր անսահման կորուստներուն: «Ենի Սապահ» գայթակղած կը թուի ըլլալ 192 հոգիի «դաւանափոխութեամբ», երբ անգին հազարաւորներ, Անատոլուի մութ անկիւնները, հազիւ կը յիշեն իրենց հայութիւնը:
«Դաւանափոխ» այդ հայերուն մօտ արեան ձայնն է, որ կը խօսի, քարն է, որ կը կոտրի` լեզու առնելու եւ աղաղակելու անպատում ցաւը ժողովուրդի մը, զոր թուրքը ուզեց գերեզմանել հուրով ու սուրով:
Այսօրուան հայութիւնը, հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ, իր գեղեցիկ նուաճումներով լաւագոյն պատասխանն է, որ անվկանդ ժողովուրդ մը կու տայ իր ջարդարարին:
Պատմութեան անիւը դեռ նոր սկսած է դառնալ: Ու հեռու չէ այն օրը, երբ անողորմ թուրքը վերջնականապէս պիտի խոստովանի իր պարտութիւնը` ժողովուրդ մը ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս նուաճելու իր անզօրութեան մէջ:
Ֆրանսական Պըրըվէի Քննութեանց Մէջ
Յաջողած Հայ Աշակերտներ
Դեսպանատան Ֆրանսական պըրըվէի քննութեանց մէջ յաջողած են հետեւեալ հայ աշակերտները, որոնք իրաւունք կը ստանան շարունակելու գրաւորի քննութիւնները.-
Մարիա Մոմճեան, Սեդա Ունճեան, Յասմիկ Սահաթճեան, Յասմիկ Սարգիսեան, Սեդա Սավուլեան, Անի Սեդրակեան, Ռոզ Չենթէեան, Անի Թերզեան, Թագուհի Թերզեան, Արփինէ Թոփալեան, Ռոզ Վարժապետեան, Վարդուհի Գայայեան, Վարդուհի Գազազեան, Մարի Գույումճեան, Սեդա Լիպարիտեան, Սիլվարդ Ֆերենկիւլեան, Աստղիկ Կարպուշեան, Անահիտ Ղազարեան, Վիքթորիա Կըլտալեան, Ալիս Յակոբեան, Զեփիւռ Համբարեան, Ալիս Հացագործեան, Սելլա Գահվեճեան, Ատրինէ Աթաշեան, Մարիկ Պաղչեճեան, Ժանեթ Պաստրմաճեան, Ֆլորիցա Պոլեան, Դշխուն Պուլտուգեան, Հուրի Շխրտըմեան, Ժաքլին Շիրինեան, Մարի-Լուիզ Թեճիրեան, Անահիտ Տեմիրճեան, Աննա Տիրացուեան:
Անդրանիկ Պաղտասարեան, Տիգրան Պոյաճեան, Ժիրայր Տապանճեան, Հրայր Տէր Ստեփանեան, Վարուժան Տուրնայեան, Յարութիւն Փինաճեան, Սերոբ Սամըրգաշեան, Արթին Սարգիսեան, Փիեռ Սէօքիւնեան, Պետրոս Թաշճեան, Լեւոն Գարակէօզեան, Յարութիւն Մահսերեճեան, Ժան Մալճեան, Պետրոս Մուրատեան, Յակոբ Մոմճեան եւ Լեւոն Նալչայեան:

