«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն Հրկիզեալ Վրանաքաղաքին Աղէտեալները Եւ Եղբայրական Օգնութեան Սրտառուչ Երեւոյթներ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Էշրեֆիէի Սպիտակ տուները

Պէյրութի մեծ վրանաքաղաքի հրկիզումէն ետք, աղէտեալներուն ողբերգական վիճակը լայն արձագանգ գտաւ տեղական մամուլին մէջ: Տեղական իշխանութիւնները իրենց կարելին ըրին օգնելու համար աղէտեալներուն: Կազմուեցաւ խնամատարական մարմին մը. եղան հանգանակութիւններ եւ իրենց լուման ներդրեցին ժողովրդային զանգուածները, Բարեգործականը եւ շարք մը ազգայիններ:

3 փետրուար 1933-ի թիւով, «Տեղական մամուլի արձագանգները» խորագիրին տակ «Ազդակ» կը գրէր.

«Հանգանակութեան գործը Պէյրութի մէջ բուռն թափով մը կը շարունակուի եւ հիանալի արդիւնք մը կու տայ: Խնամատարական մարմնի կողմէ ընտրուած յանձնախումբերը կարգաւ կը դիմեն մեր բոլոր ազգայիններուն եւ կը ստանան անոնց ինքնաբուխ նուէրները: Առաջին օրն իսկ մի միայն ժողովուրդէն հանգանակուած է մօտ 600 ոսկի. որով նախորդ 1000 ոսկիի գումարով կը հասնի 1600 ոսկիի: Երէկուան հանգանակութեան արդիւնքը դեռ չենք գիտեր: Մէկ բան միայն յայտնի է, որ մեր ազգայինները ցոյց կու տան սքանչելի զոհաբերութիւն եւ գուրգուրանք:

Ուրախութեամբ տեղեկացանք, որ Բարեգործականի Եգիպտոսի վարչութիւնը հրկիզեալներուն տրամադրած է իր Պէյրութի մթերանոցին մէջ ունեցած գոյքերը` 1000 պաթանիա, 250 անկողին եւ այլ առարկաներ: Բացի այդ Շրջանային վարչութիւնը, հեռագրաւ 200 սթերլին ղրկած է, յատկացուելու համար աղէտեալներուն:

Երեք յարանուանութեանց հոգեւոր պետերը սկսած են պատրաստել ցանկը կարօտներու, յիշելով անոնց կարօտութեանց տեսակները: Որմէ վերջ հիմնական կարգադրութիւններ ձեռք պիտի առնուին»:

Իսկ «Աղէտեալներու վիճակը» խորագիրին տակ կ՛ըսուէր.

«Ինչպէս գրած էինք, Քարանթինա ապաստանող 1,500 աղէտեալները կը գտնուին զինուորական իշխանութեան խնամքին ներքեւ: Կանոնաւոր կը ստանան անոնք իրենց սնունդները եւ երախտագիտութիւն կը յայտնեն իշխանութեան: Բայց դժբախտաբար, մինչեւ 10 օր մեր հայրենակիցները պիտի ստիպուին պարպել Քարանթինայի շէնքերը, նկատի ունենալով, որ իսլամ ուխտագնացներու կարաւանները կը հասնին մինչեւ այդ թուական:

Նկատի ունենալով այս պարագան, երէկ պրն. Պրիւնիէի գրասենեակին մէջ կարեւոր ժողով մը գումարուեցաւ, որուն մասնակցեցան Բէր Պուա տը Պար, տոքթ. Մելքոնեան, հայր Պօղոս Արիս, տեարք Գ. Իփէկեան, Մ. Տամատեան, տոքթ. Թոփճեան, Նաֆիլեան, Խրլաքեան: Սոյն ժողովը ուսումնասիրեց Քարանթինա գտնուող հրկիզեալներու տեղաւորման ծրագիրը եւ վերջնական կարգադրութիւնը յետաձգեց իր այսօրուան նիստին:

Ուրախալի է որ սերտ համագործակցութիւն մը ստեղծուած է պրն. Պրիւնիէի գրասենեակին եւ խնամատարական մարմնի միջեւ»:

Յաջորդ օր, փետրուար 4-ին, «Սքանչելի այս ժողովուրդը» խորագիրով խմբագրականով «Ազդակ» կը գրէր.

«Վրանաքաղաքի աղէտին ականատես արաբ խմբագրի մը խօսքերէն քաղած ենք մեր այսօրուան խորագիրը: «Մարդկայնօրէն անըմբռնելի է – կը շարունակէ պատմել օտար խմբագիրը – կենալ սեփական տանդ, ստեղծած միջոցներուդ աւերման դիմաց ու հանդարտ, պաղարիւնութեամբ ձեռքերը գրպաններուն մէջ փիլիսոփայօրէն բախտի խաղերուն մասին խորհրդածութիւններ ընել: Մենք հանդիպեցանք այդպիսիներու: Տեսանք կիներ, մամիկներ, երիտասարդներ, որոնք տենդագին լծուած էն վերմակ մը աւելի ազատելու համար: Հայ պատանիներու օգնութեան խումբեր, որոնք կրակներու մէջ կը նետուէին իրենց ազգակիցներու օգնութեան հասնելու: Բայց ոչ մէկ ճիչ ափսոսանքի, անէծքի եւ յուսահատութեան ոչ մէկ աղաղակ, ոչ մէկ անօգուտ աղապատանք ու լաց, ա՛հ, «սքանչելի այս ժողովուրդը»:

Պիտի չզարմանար այս սրտցաւ օտարականը, եթէ մօտէն ծանօթ ըլլար մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան: Արդարեւ ի՞նչ է եղած մեր անցեալը, եթէ ոչ կռիւ ու պայքար` թշնամիներու եւ բնական աղէտներու առաջացուցած աւերին դէմ: Հայ ցեղի տոկունութիւնը, ճիշդ է վեր է մարդկայնօրէն ամէն սահմանագծումէ: Ոչ մէկ ժողովուրդ պիտի չդիմանար մեր դարաւոր պայմաններուն, ինչպէս շատերն են անհետացեր մեր քալած ճամբուն կէսը չհասած տակաւին:

Ու այդ կռիւն ու պայքարը հայ ցեղը տարած է համբերատար քայլերով, հազար անգամ քանդուածը կրկին է շինած, մոխիրներու մէջէն յարութիւն է առած շարունակ` հրաշք թռչունին նման, ու միշտ իր ոտքերը հազիւ թօթուած աւերակներու փոշիէն նետուած իր ցեղային երազներուն առաջնորդող արիւնոտ ճամբուն գիրկը: Ա՛հ, տակաւին չէ ուսումնասիրուած այս ցեղի առեղծուածային պատմութիւնը, նրբին վերլուծման չէ ենթարկուած անոր բացառիկ ընդունակութիւնները, չէ թափանցուած անոր հոգեկան կառուցուածքի նրբին խաւերուն: Առիթէ առիթ մարդիկ բաւականացած են հիացման կամ պարսաւանքի բացագանչութիւններ արձանագրելու միայն. չէ ճանչցուած, չէ գնահատուած, չէ կշռուած հայ ցեղի լոյս առաքելութիւնը արեւելքի դարաւոր պատմութեան մէջ:

Միայն արտակարգ յամառութիւնն է որ ի վիճակի կը դարձնէ ժողովուրդ մը դիմադրելու անհամար փորձանքներու: Հակառակ խութերու եւ գահավէժներու ես պիտի ապրիմ կ՛ըսէ ցեղը, պիտի շարունակեմ իմ գոյութիւնը, այն հաստատ, յամառ եւ կուռ հաւատքով, որ օր մը վերջ պիտի գտնէ ամէն տառապանք ու ես իմ նպատակիս բարձունքին հիացումով թղթատեմ անցնող սերունդներու հրաշագործ կեանքը:

Այս խօսքերը, արտասանուած դարերու լուռ բայց պերճախօս շրթներէն, կեանք եւ ուժ կը ներշնչեն հայ մարդուն, դիմագրաւել կարենալու համար փորձութիւններու ամէնէն ահաւորին, պատմութեան ճանչցած ցեղերու ամէնէն դաժանին:

Վերջին քառորդ դարու մեր կեանքը միայն բաւական էր ընկճելու համար մեզմէ շատ աւելի ուժեղ ժողովուրդներ, հայ անհատը բեռնաւորուած է բազմապիսի հոգերով` ապրելու միջոցներ, բնակութիւն, ֆիզիքական գոյութեան մղձաւանջ, հայրենիքի կարօտ, հալածանք, հայրենիքի ազատագրութեան հարց, պայքար, կռիւ, զոհաբերութիւն, աղէտներու դարմանում: Ահա հաշուեկշիռը ապրող հայու առօրեայ կեանքին, ու այս բոլորին ամէն օր կը յաղթէ հայը, ամէն օր, ամէն փորձութեան դիմաց կը գտնէ ելքը շարունակելու իր առեղծուածային ճամբան: Ինչպէ՛ս զսպել հիացումի բացագանչութիւն մը այս ոգիին դիմաց:

Վերջին աղէտը այս երկրին մէջ կը գտնէ հայութիւնը: Դժբախտ, բայց առիթ մը կրկին ցոյց տալու մեր անընկճելի կորովը: Հրդեհը ճոխ ապարանքներ չէ որ մոխրացուց, թանկարժէք գոյքեր չէին որ կրակը բոցավառեցին: Աղքատիկ խրճիթներ էին, տարրական անհրաժեշտութիւններով լեցուած, բայց աղքատին լումային նման համարժէք մեզ համար փարթամ պողոտաներու: Ունեւորը իր կորուստին մէջ շիւղ մը կը գտնէ անոր կառչելու, վայը չքաւորին է տարեր: Պիտի գիտնանք չափել խորութիւնը փորձանքին, գտնել կէտը ամէնէն աւելի դարմանի կարօտ, ու քաղել առաւելագոյն օգուտը մեր բերաններէն կտրած օգնութեան:

Այս արդիւնքին հասնելու համար էականը ճիգերու լարումն է առանց խուճապի: Ինքը աղէտահար ժողովուրդն է, որ նախ պիտի պահէ իր կորովը: Հպարտ ինչպէս միշտ բոլոր փորձութիւններու առջեւ, դարձեալ, պիտի չկորսնցնենք մեր հաւասարակշռութիւնը` օտար այս միջավայրին մէջ պահելու համար մեր ցեղային վարկը: Ու կարճ ժամանակ վերջ հրդեհին ականատես օտարը այս անգամ աղէտի դարմանումին ու մեր ստեղծած նոր միջոցներուն դիմաց կրկին առիթը թող ունենայ աւելի հիացումով բացագանչելու` սքանչելի այս ժողովուրդը»:

***

Նոր Մարաշ թաղամասը

Աղէտեալներուն օգնութեան հասնելու կոչերը լայն արձագանգ գտան Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայաշատ բոլոր շրջաններուն մէջ: Հանգանակիչ յանձնախումբերը եռանդուն աշխատանքի լծուեցան եւ հաւաքուած գումարները խնամատարական մարմինին տրամադրութեան տակ դրուեցան:

7 փետրուար 1933-ի թիւով «Եղբայրական օգնութեան սրտառուչ երեւոյթներ» խորագիրին տակ «Ազդակ» կը գրէր.

«Պէյրութի թէ շրջաններու մէջ հանգանակութիւնը կը շարունակուի եռանդուն կերպով: Հանգանակիչ յանձնախումբը Պէյրութի մէջ, վերջին օրերու սաստիկ անձրեւներուն պատճառաւ չի կրցան աւարտել իրենց աշխատանքները: Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ, եղբայրական օգնութեան գործը օրուան հրամայական պահանջ մը դարձած է եւ սրտաբուխ նուէրներ սկսած են ղրկուիլ Խնամատարական մարմինին: Խմբագրութեանս ղրկուած են նուէրներն ու նուիրատուներու ցանկերը Զահլէի, Թրիփոլիի եւ Դամասկոսի Միացեալ վարժարանի ուսուցչութեան նուիրատուութեանց: Ս. Նշան Ազգային վարժարանէն վերջ, եղբայրական օգնութեան նուիրական զգացումը ցոյց տուած են նաեւ Ամանոս քէմփի Մեսրոպեան եւ Էշրեֆիէի վարժարաններուն երկսեռ աշակերտութիւնն ու Ֆրերներու քոլեճի հայ ուսանողութիւնը: Լաթաքիոյ մէջ, Գթութեան Խաչի վարչութիւնը, տեղւոյն Ազգ. Իշխանութեան հովանաւորութեան ներքեւ սկսած է հանգանակութեան: Հալէպի մէջ եւս կազմակերպուած է հանգանակութեան գործը: Մի միայն Դամասկոսն է որ ցարդ անտարբեր մնացած է: Մասնաւոր աղբիւրէ մը կը տեղեկանանք, որ Կաթողիկոսարանէն հանգանակութեան ձեռնարկելու հրահանգ առած չըլլալը կ՛առարկէ:

Խնամատար մարմինը մասնաւոր կոչեր խմբագրած եւ ղրկած է արտասահմանի թերթերուն եւ կարգ մը ազգայիններուն, ցոյց տալով անոնց աղէտի մեծութիւնն ու անմիջական կարիքի ստիպողութիւնը: Կարեւոր գումարներու կը սպասուի արտասահմանէն:

Յանուն լիբանանահայութեան խորին երախտագիտութեամբ կը յիշենք եղբայրական օգնութեան այն գեղեցիկ ու սրտայոյզ վերաբերմունքը, որ ցոյց կու տան տեղացիները: Առեւտրական սենեակի նախագահ Վսեմ. Օմար պէյ Տաուք չափազանց զգացուած մեր հայրենակիցներու ենթարկուած դժբախտութենէն, խոր ցաւակցութիւն յայտնած է Խնամատար մարմինին եւ 100 ոսկի տրամադրած, յատկացուելու համար հրկիզեալներու կարիքներուն: Օմար պէյ Տաուք, բացի այդ, պատրաստակամութիւն յայտնած է իր կարելին ընելու դիւրացնելու համար նպաստի գործը եւ Խնամատարութեան բեռը:

Մարոնի պատրիարք Ամեն. Արիտա սրբազանի կողմէ, մասնաւորաբար եպիսկոպոս մը եկած եւ մեր կրօնական վերին իշխանութեան ցաւակցութիւն յայտնելով յանձնած է 50 սուրիական ոսկի: Ան յայտնած է նաեւ Նորին Ամենապատուութեան պատրաստակամութիւնը ամէն գնով օգտակար ըլլալու համար հայ աղէտեալներուն:

Դեռ ուրիշ բազմաթիւ տեղացիներ եւ օտարներ շատ զգացուած վերջին աղէտէն կը մասնակցին հանգանակութեան եւ ցաւակցութիւն կը յայտնեն: Բազմաթիւ երեւելի եւ մեծահարուստ տեղացիներ փափաք կը յայտնեն առանձին հանգանակութեան ձեռնարկելու: Օմար պէյ Տաուքէն վերջ Պ. Պ. Անտրաոս, Միշել Զաքքուր, Միշել Թրատ, Ֆարաօն եւ ուրիշներ փափաք յայտնած են նուէրներ տրամադրելու աղէտեալներուն:

Խնամատար մարմինը շնորհակալագիր մը ղրկելով Վսեմ. Օմար պէյի, երախտագիտութիւն յայտնած է Լիբանանի ժողովուրդին ցոյց տուած եղբայրական զգացումին եւ անկեղծ համակրանքին համար»:

* * *

Հրկիզեալ վրանաքաղաքի աղէտեալներուն օգնութեան հասնելու աշխատանքներու ծիրէն ներս, «Ազդակ» իր կարգին սրտագին կոչ մը ուղղեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան: 9 փետրուար 1933-ի թիւով եւ «Կոչ» խորագիրով խմբագրականով «Ազդակ» կը գրէր.

«Լիբանանի եւ Սուրիոյ բոլոր շրջաններուն մէջ սկսած են կազմակերպուիլ եղբայրական օգնութեան ձեռնարկները, շուտափոյթ նպաստ հասցնելու համար վրանաքաղաքի աղէտեալներուն, որոնց թշուառութիւնն ու կարիքները սկսած են օրէ օր աւելի սաստկանալ: Մէկ կողմէ ալ անօթութեան ծաւալումը, չափազանց մտահոգիչ դրութիւն մը ստեղծած են: Մէկ-երկու օրէն արդէն պարպուած պէտք է ըլլայ Գարանթինան, որովհետեւ այս շաբթուան վերջերը  պիտի սկսին հասնիլ իսլամ ուխտաւորներու կարաւանները, որոնք ամբողջութեամբ, ըստ սովորականին օրերով կը պատսպարուին Գարանթինայի շէնքերուն մէջ: Անոնց ներկայութեան մեր հայրենակիցներու բնակութիւնը այդ շէնքերուն մէջ բազմակողմանի անպատեհութիւններ ունի. նախ անոնց կրօնական մոլեռանդութիւնը եւ երկար ճամբորդութեան հետեւանքով հաւանական տարափոխիկ հիւանդութիւնները լուրջ արգելքներ են, մանաւանդ որ ստուարաթիւ թուրք ուխտաւորներու ներկայութիւնն ալ անհաւանական չէ:

Ուրեմն ստիպողականօրէն պէտք է պարպուին Գարանթինայի շէնքերը եւ հոն ապաստանող մօտ 1800 աղէտեալ հայրենակիցներ տեղաւորուին թաղերու կամ առանձին բնակարաններու մէջ: Բացի այդ, բազմաթիւ ընտանիքներ, որոնք աղէտի գիշերը հիւրասիրուած էին իրենց բարեկամներուն եւ ազգականներուն կողմէ, տեղաւորման հարկադրանքին տակ կը գտնուին: Մէկ խօսքով հարիւրաւոր ընտանիքներու բնակարան եւ սնունդ հայթայթելու անհրաժեշտութեան առջեւ կը գտնուին Ազգային Խնամատար Մարմինը եւ Ազգերու Դաշնակցութեան Գաղթ. Յանձնախումբի ներկայացուցչութիւնը: Զինուորական իշխանութեան կողմէ Գարանթինայի մէջ պատսպարուող աղէտեալներուն տրուած հացն ու ապուրն ալ հաւանական է չշարունակուի դուրսը: Արդ կարելի է երեւակայել կարիքի ահեղութիւնը, որ պիտի յառաջանայ քանի մը օրէն:

Այսքան ծով կարիքի առջեւ, պետական անսպառ գանձերն անգամ անբաւական կ՛ըլլան գոհացնելու բոլոր կարօտութիւնները:  Մանաւանդ մեր միջոցները անզօր են տոկալու քանի մը շաբաթներ: Մեր հայրենակիցները իրենց հացի դրամները կտրելով, զոհողութեան գերբնական ոգիով մը իրենց աւելի կարօտ եղբայրներուն կը տրամադրեն լումաներ, որոնք կաթիլ մը ջուրի տպաւորութիւնը կը ձգեն անսահման կարիքի առջեւ: Կարիքաւորներու թիւը որքան փոքր ըլլայ, այնքան աւելի երկար կը տեւէ նպաստը եւ խնամքը կը դառնայ գոհացուցիչ: Միեւնոյն ժամանակ կը բարձրանայ բարոյական կորովը մեր երկիցս դժբախտացած  եղբայրներուն:

Ահա քանի մը օրէ ի վեր, Խնամատար Մարմինը  սկսած է հացաբաշխման գործին եւ եռանդուն կերպով նուիրուած է բնակարաններու որոնման աշխատանքին, պատսպարելու համար աղէտուածները: Սակայն, ցաւով կ՛իմանանք, որ նպաստուողներու մէջ կը գտնուին հայրենակիցներ, որոնք կրնան դեռ քանի մը շաբաթ ապրուիլ եւ առանձին բնակարաններ հայթայթել: Խնամատար Մարմնի կողմէ ընտրուած Հացաբաշխման Յանձնախումբերը աստուածներ չեն եւ չեն կարող թափանցել մարդոց հոգիներուն. հետեւաբար ամենամեծ հսկողը մարդուն խիղճն է: Մեր այն հայրենակիցները, որոնք նոյնիսկ մէկ շաբթուան բաւելու չափ սնունդ եւ դրամ ունին, պէտք չէ նպաստ յուսան եւ առնեն, որովհետեւ այն որ ունի, անօթի չէ եւ կ՛առնէ, անօթիի  եւ կարօտի հացը կը խլէ:

Հայը հռչակ հանած է աշխարհի մէջ որ չի  մուրար, ուրիշին ձեռք չ՛երկարեր: Իսկապէս հպարտանալիք առաքինութիւն մըն է այս մեր ազգին համար: Ամենադժնդակ օրերուն իսկ բարձր պահած ենք մեր արժանապատուութիւնը եւ փողոցները չենք թափած հաց մուրալու համար:

Սակայն ինչո՞ւ պահենք, մենք ամօթով լեցուեցանք երբ տեղեկացանք, որ վրանաքաղաքի աղէտէն վերջ, մեր այդ հռչակաւոր առաքինութիւնը նսեմացնող երեւոյթներ եղած են: Գարանթինա ապաստանող հայրենակիցներու մէջ, համաձայն մեզի տրուած հաւաստիացումներուն, կան ազգայիններ որոնք հաց ալ ունին, սենեակ մը վարձելու չափ ալ դրամ. սակայն հակառակ եղած բոլոր թելադրութեանց, անոնք անշարժ կը մնան եւ կը սպասեն որ Խնամատար Մարմինը տեղաւորէ զիրենք: Նոյն տգեղ եւ ցաւոտ երեւոյթը նաեւ հացաբաշխման գործին մէջ:

Հայրենակիցնե՛ր, եթէ հայը համբաւ ունի իբրեւ աշխատասէր եւ վեհանձն, եթէ չմուրալը իր ամենամեծ առաքինութիւնն է, անօթիին ու մերկին բաժինէն պատառ խլելը, ամենամեծ գողութիւնն ու մուրացկանութիւնն է:

Հետեւաբար, կոչ կ՛ընենք ձեր այդ ազգային նուիրական առաքինութեան, համբաւաւոր արժանապատուութեան, յանուն Աստուծոյ եւ կրօնի, որ չի դժուարացնէք օգնութեան գործը. մի մտածէք վաղուան համար եւ կերէք ձեր այսօրուան ունեցածը. եթէ սենեակ մը վարձելու չափ դրամ ունիք, մի սպասէք որ տեղաւորեն ձեզ. դուք ձեր կամքով դուրս ելէք եւ տեղաւորուեցէք, որովհետեւ օրերէ ի վեր անօթի, մերկ եւ անպատսպար եղբայրներ եւ քոյրեր ունիք, որոնք այս ցուրտին ու բուքին դուրս մնացած են:

Մի՛ մոռնաք, հայրենակիցներ, որ մեր միջոցները շատ սահմանափակ են եւ իւրաքանչիւր լումա արդիւնքն է գերմարդկային զոհողութիւններու: Տեսէ՛ք, ի՜նչ սրտառուչ անձնուիրութեամբ կը զոհաբերեն ամէնը, ամէնը, դպրոցական ուսանողներէն սկսած մինչեւ որբերն ու որբեւայրիները, կը զոհաբերեն իրենց ամբողջ ունեցածը, վաղուան հացի դրամը: Այսքա՜ն հարազատ եւ գուրգուրոտ վերաբերմունքը ո՛վ կրնայ ցոյց տալ իր աղէտուած եղբայրներուն:

Մեր խօսքը դարձեալ ձեզի է, ո՜վ աղէտուած եղբայրներ, եթէ ձեր մէջ կը գտնուին հայրենակիցներ, որոնք կրնան իրենց միջոցներով պատսպարան մը հայթայթել եւ պատառ մը հաց ճարել, օգնութիւն թող չսպասեն ազգէն, որ այսօր ալ, վաղն ալ պատրաստ է զոհելու եւ զոհուելու»:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES