Հայրենի Կեանք
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը
Ըմպելի Ջուրի Համակարգ Կը Կառուցէ Շուշիի Մէջ
Շուշիի շրջանի շուրջ 660 բնակիչ ունեցող Քարինտակ համայնքին մէջ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին ջանքերով կը կառուցուի ըմպելի ջուրի համակարգ մը, որ յառաջիկայ աշնան գիւղին 194 ընտանիքները պիտի ապահովէ ջուրով:
Նշենք, որ այս ծրագիրին հովանաւորներն են` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին Յունաստանի, Կիպրոսի, Ուրուկուէյի, Արժանթինի եւ Պրազիլի տեղական մարմինները, ինչպէս նաեւ` ՀՕՄ-ը:
Գիւղի ջրամատակարարման ներկայի համակարգը չի գործեր, այլ կ՛օգտագործուի միայն ոռոգման նպատակով: Բնակիչները ըմպելի ջուրը կը կրեն գիւղին երկու աղբիւրներէն: Իսկ այժմ կը կառուցուի 3,8 քիլոմեթր երկարութեամբ ջրատար, 4,5 քիլոմեթր երկարութեամբ ներքին ցանց, 100 խորանարդ մեթր տարողութեամբ երկու ջրամբար, ջուր ընդունող կայան եւ զտման համակարգեր:
Քարինտակ համայնքի այցելուներու ուշադրութիւնը կը գրաւեն 17-րդ դարուն հոն կառուցուած Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ «Մամռոտ քարեր» քարանձաւը, որուն ջրաւազանները, ըստ տեղացիներուն, ունին բուժիչ յատկութիւններ:
Ծիծեռնակաբերդի Բարձունքին Տեղի Ունեցած Է
Բացօթեայ Նուագահանդէս
14-19 տարեկան 24 երաժիշտներէ կազմուած Շուէտի Հալմսթատ երաժշտական լարային նուագախումբը 14 մայիսին ելոյթ տուած է Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին: Նուագախումբին մաս կը կազմէր նաեւ հայ երաժիշտ մը` Անուշ Մուրատեանը. խորքին մէջ անոր գաղափարն էր Հայաստան այցելելը եւ այսպիսի ելոյթ ունենալը:
Պատանի երաժիշտները առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան կ՛այցելէին, սակայն մինչ այդ արդէն ծանօթացած էին 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանին պատմութեան եւ այդ մասին ուսումնասիրութիւններ կատարած էին:
Անուշ Մուրատեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ` «ինծի համար շատ մեծ նշանակութիւն ունէր հոս նուագելը, շատ զգացական էր, հազիւ կրցանք ծածկել մեր ներքին ապրումները: Ինծի համար շատ կարեւոր էր, որ անոնք նոյնպէս յարգեն մեր Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը»:
Հալմսթատի երաժշտական դպրոցի տնօրէն Ուլֆ Ֆեմպրըն այս այցելութիւնը կարեւոր նկատած է ոչ միայն այն պատճառով, որ այդպիսով կարելի եղած է ծանօթանալ հայոց պատմութեան ամէնէն կարեւոր դէպքերէն մէկուն, այլ նաեւ` հայ եւ շուէտացի փոքրիկներու միջեւ հաստատուած կապին համար:
Ուլֆ Ֆեմպրըն նշած է, որ` «ասիկա շատ կարեւոր է յատկապէս Եւրոպայի համար, որպէսզի չմոռնան, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է, յիշեն, ցաւին, ընդունին եւ գնահատեն այս բոլորը` յանուն ազատութեան: Այդ իսկ պատճառով անհրաժեշտ է, որ յատկապէս երիտասարդները իրարու հետ միշտ կապի մէջ ըլլան», ըսաւ ան:
Ծիծեռնակաբերդի մէջ իրագործուած երգահանդէսէն բացի, խումբը 16 մայիսին Առնօ Բաբաջանեանի անուան համերգասրահին մէջ միացեալ ելոյթով հանդէս եկաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մանկական նուագախումբին հետ, իսկ 17 մայիսին խումբը ելոյթ ունեցաւ Տիգրանեանի անուան երաժշտական դպրոցին մէջ: Նշենք, որ պատանի երաժիշտները շրջագայած են աշխարհի տարբեր երկիրներ, ելոյթներ տուած են` Դանիոյ, Անգլիոյ, Հոլանտայի, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու մէջ:
Սայաթ Նովայի Ծննդեան 300-Ամեակին
Նուիրուած Ձեռնարկներ
«Սայաթ Նովա» մշակութային միութեան նախագահ Թովմաս Պօղոսեան 17 մայիսին յայտարարած է, որ Սայաթ Նովայի ծննդեան 300-ամեակին նուիրուած Վարդատօնի ծիրին մէջ 20 մայիսին ժամը 11:30-ին դպրոցականներ, մտաւորականներ քայլարշաւով Չարենց-Սայաթ Նովա փողոցի հանդիպման կէտէն ուղղուած են մինչեւ Սայաթ Նովայի յուշարձանը, ուր իւրաքանչիւր այցելուի տրուած վարդ մը, որպէսզի զետեղեն յուշարձանին առջեւ, ապա տեղի ունեցած է երգահանդէս մը, իսկ քայլարշաւի ամբողջ տեւողութեան Սայաթ Նովայի երգերը հնչած են: Թովմաս Պօղոսեան դիտել տուած է, որ Հայաստանի մէջ ութ տարիէ ի վեր կը նշուի այս տօնը:
Մայիսի վերջին կիրակի օրը անոնք պիտի երթան Վրաստան` մասնակցելու Թիֆլիսի մէջ կայանալիք նախաձեռնութիւններուն: Հոն եւս պիտի կայանան քայլարշաւներ, երգահանդէսներ եւ այլ նախաձեռնութիւններ:
Հաղորդենք, որ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեան հիմնեց Վարդատօնը` նշելու համար Սայաթ Նովայի 200-ամեակը: «Յոբելեանը նշելը գիտական բանավէճ չէ եւ ամէն մարդ ունի ընտրութեան իրաւունք, Սայաթ Նովան մեր ժողովուրդի այն մեծութիւնն է, որուն իւրաքանչիւր տարին պէտք է ըլլայ տօն: Այս աւանդութիւնը իբրեւ սրբութիւն կը պահպանուի ամէն տարի», յայտնած է Թովմաս Պօղոսեան:
Տեղեկացնենք, որ Սայաթ Նովայի 300-ամեակին առիթով կազմուած է կառավարական յանձնախումբ, եւ նախաձեռնութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ տարեվերջ: Անդրադառնալով Սայաթ Նովայի ստեղծագործութիւնները մեկնաբանելու երեւոյթին` Թովմաս Պօղոսեան նշած է, որ դէմ չէ զանոնք նորացուած, ժամանակակից կերպով ներկայացնելու գաղափարին, եթէ անոնք կը կատարուին հայեցի, բարձր ճաշակով եւ մասնագիտական կերպով:
Արցախի Մասին Լուսանկարներու
Ցուցահանդէս
Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը կազմակերպած է «Արցախը ակնթարթներու մէջ» խորագիրով լուսանկարչական մրցում մը, որուն մասնակիցները պէտք է ներկայացնեն լրատուամիջոցներու մէջ կամ այլ հրատարակութիւններու մէջ լոյս տեսած արցախեան տարեգրութեան, հերոսամարտին, առօրեային, պատմամշակութային արժէքներուն եւ շէնացման գործընթացին վերաբերող լուսանկարներ, որոնք տարածուած պիտի ըլլան պարբերական, տպագիր, ելեկտրոնային մամուլի մէջ կամ լուսանկարչական գործակալութիւններու կողմէ:
Մրցումի իւրաքանչիւր մասնակից կրնայ ներկայացնել մինչեւ հինգ լուսանկար, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մասին պէտք է գրէ հաղորդագիր` ժամանակին, վայրին, իրադարձութեան, լուսանկարին մէջ պատկերուած մարդոց, աշխարհագրական եւ պատմական ճարտարապետական յուշարձաններուն հրապարակման մասին:
Նշենք, որ մրցումը կազմակերպուած է հայ լրագրողներու 5-րդ համաժողովի շրջանակին մէջ:
Սերժ Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղած Է
Գիտնական Ստեփան Պօղոսեանի Մահուան Առիթով
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր յղած է անուանի պետական գործիչ, գիտնական Ստեփան Պօղոսեանի մահուան առիթով: Նախագահը յայտնած է, որ` «խոր ցաւով տեղեկացայ անուանի պետական գործիչ, մեծ հայրենասէր Ստեփան Պօղոսեանի մահուան մասին: Հսկայական են Ստեփան Պօղոսեանի ջանքը եւ ներդրումը հայկական պատկերասփիւռին զարգացման եւ ազգային ուղղուածութեան հաստատման գործին մէջ: Անուրանալի է անոր` իբրեւ պատմաբանի ներդրումը Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայ ազգային ազատագրական պայքարի ուսումնասիրութեան բնագաւառներուն մէջ: Վաստակաշատ մտաւորականին կորուստը բոլորիս կորուստն է: Խոր ցաւակցութիւն կը յայտնենք Ստեփան Պօղոսեանի հարազատներուն եւ մերձաւորներուն` սկզբունքի տէր քաղաքացիին եւ գիտնականին մահուան առիթով»:
Նշենք, որ պատմաբան Ստեփան Պօղոսեանի մահուան առիթով յառաջացուած է կառավարական յանձնախումբ մը` վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի որոշումով, եւ որուն մաս կազմած են պետական, կառավարական անձնաւորութիւններ:
«Վիվասել–Էմ.Թի.Էս.»-Ի Աջակցութեամբ, Հայրենի
Համալսարաններուն Մէջ Պիտի Գործէ Անթել
Համացանցի Հասանելիութեամբ Համակարգչային Լսարան
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի շարք մը համալսարաններու հետ համագործակցութիւնը կը շարունակուի հերթական ծրագիրի իրականացումով:
Չորս տարի շարունակ համալսարաններու հետ համագործակցելու «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի պատրաստակամութիւնը սերունդներու նկատմամբ պատասխանատուութեան արդիւնք է: 2009-էն ի վեր «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութիւնը ասպարէզի զարգացման ծրագիրի շրջանակին մէջ սկսած է փոխգործակցութիւն դրսեւորել «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի մասնագէտներու կողմէ ուսանողներուն համար պարբերաբար կազմակերպուող դասընթացքներու, բաց դռներու օրերու, մասնագիտական փորձարարական շրջաններու, տարբեր ոլորտներու մէջ կազմակերպուող եռօրեայ դասընթացքներու ճամբով, ինչպէս նաեւ դասախօսներու համար նախատեսուած` ուսուցման ձեւերու եւ գործնական սեմինարներու, մասնագիտական մրցոյթներու, տեսական գիտելիքները գործնականի հետ համադրելու փորձի փոխանակման, կրթական հիմնադրամի միջոցով` նիւթապէս անապահով ուսանողներու կրթական ծախսերը ապահովելու միջոցով եւս:
Ընկերութիւնը զգալի միջոցներ յատկացուցած է աջակցելու համար Հայաստանի կրթական համակարգին մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն ուղղուած ծրագիրներուն: «Այս աջակցութիւնը երկրին ապագային համար ներդրումներ կատարելու լաւագոյն միջոցն է», նշած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:
Որակեալ աշխատուժի կարեւորութիւնը գնահատող հեռահաղորդակցութեան առաջատար ընկերութիւնը համալսարաններու աջակցութեան հերթական ծրագիրին սկիզբը ազդարարած է Վանաձորի մանկավարժական համալսարանէն: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի աջակցութեամբ համալսարանին մէջ պիտի սկսի գործել անթել համացանցի հասանելիութեամբ 12 համակարգիչով ապահովուած լսարան: Դասախօսներու աշխատանքի արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու եւ ուսանողներուն հետ արդիւնաւէտ շփումը ապահովելու համար էապէս պիտի նպաստէ ինթերաքթիվ գրատախտակի կիրարկումը:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը մինչեւ տարեվերջ կը նախատեսէ համակարգչային լսարաններով ապահովել ընկերութեան հետ համագործակցող բարձրագոյն ուսումնական գործընթացներու պահանջներէն բխող արժէքաւոր սարքաւորումներ, տեսական խորհրդակցութիւններու կազմակերպման սարքեր, սըրվըրներ եւ Եու. Փի. Էս. սարքեր եւ այլն:
«Վիվասել–Էմ.Թի.Էս.»-Ի Նոր Եւ Գլխաւոր Մրցանակը`
Ճամբորդութիւն Դէպի Եւրոպայի Ֆութպոլի
Ախոյեանութիւն Շահող Երկիր
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի սպասարկման կեդրոններէն հեռախօս գնողները կրնան շահիլ երկու հոգիի համար նախատեսուած ճամբորդութիւն` դէպի 2012-ին Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը շահող երկիրը:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի մամլոյ ծառայութենէն տեղեկացուցին, որ մայիս 14-էն մինչեւ յունիս 10, գնելով «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.», «Էյչ.Թի.Սի.», Պլէքպըրի, Սամսոնկ Կալաքսի Նեքսըզ կամ Սամսոնկ Կուկըլ Նեքսըզ Էս. հեռախօսերը «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի սպասարկման կեդրոններէն, կարելի է մասնակցիլ յատուկ խաղարկութեան եւ շահիլ նուէրներ, որոնցմէ են` «Էյչ.Թի.Սի.» ֆլայըր համակարգիչ, Պլէքպըրի պոլտ 9700 սմարթֆոն, Սամսոնկ Կուկըլ Նեքսըզ Էս. սմարթֆոն, «Էմ.Թի.Էս.» Էքօ սմարթֆոն, «Էմ.Թի.Էս.» թաչ 551 հեռախօս, «Էմ.Թի.Էս.» Քոնեքթ Տայմընտ «Եու.Էս.Պի. մոտըմ» եւ այլն:
«Մենք Ենք, Մեր Մարզը» Մշակութային Նախագիծը
Այս Տարի Նուիրուած Է Արցախին
Մայիս 16-18 Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Մենք ենք, մեր Արցախը» խորագիրով մանկապատանեկան մարզային մշակոյթի օրերու նախագիծը, որուն մասնակցած էին Լեռնային Ղարաբաղէն` Ստեփանակերտի, Հադրութի, Մարտունիի, Ասկերանի, Շուշիի, Քաշաթաղի մանկապատանեկան ստեղծագործական խումբերը, նկարիչները եւ անհատ կատարողները: Առնօ Բաբաջանեանի անուան համերգասրահին մէջ մայիս 17-ին բացումը կատարուեցաւ գեղանկարչական ցուցահանդէսին, ուր ցուցադրուեցան արուեստի եւ գեղարուեստի դպրոցներու սաներուն 20 լաւագոյն նկարչական եւ կիրառական արուեստի նմուշները:
Ցուցահանդէսին բացումէն ետք նոյն վայրին մէջ տեղի ունեցաւ նուագահանդէս, որուն մասնակցեցան Արցախի երաժշտական, արուեստի, հանրակրթական դպրոցներու պատանի երաժիշտ կատարողները եւ պարային համոյթները:
Յիշեցնենք, որ «Մենք ենք, մեր մարզը» ծրագիրը առաջին անգամ իրականացուած է 2008-ին, եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը նպատակ ունեցած է քաղաքներու մէջ մշակութային կեանքը աշխուժացնել, խթանել եւ զարգացնել եւ մայրաքաղաքի բնակչութիւնը իրազեկ դարձնել իւրաքանչիւր մարզի մշակութային ձեռքբերումներուն: 2008-2012 թուականներուն ծրագրին մասնակցած են Հայաստանի` Շիրակի, Լոռիի, Գեղարքունիքի, Կոտայքի, Տաւուշի, Արարատի, Վայոց Ձորի եւ Արմաւիրի մարզերուն մանկապատանեկան ստեղծագործական խումբերը, նկարիչները եւ անհատ կատարողները: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան պաշտօնական կայքը:
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

