Աշխարհի Երիտասարդութեան 13 Առ Հարիւրը Գործազրուկ Է
Ռուսական «ԻԹԱՌ-ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան զբաղուածութեան բաժանմունքի գործադիր տնօրէն Խոսէ Մանուէլ Սալասար-Շիրինաքս երեքշաբթի օր` ներկայացնելով կազմակերպութեան 2011-ի զեկուցումը, յայտնած է, որ 15-24 տարեկան երիտասարդներու շրջանակին մէջ գործազուրկներու թիւը աշխարհի վրայ մինչճգնաժամային ցուցանիշերէն ի վեր աւելցած է 4 միլիոնով եւ հասած 75 միլիոնի:
«Իրավիճակի միջնաժամկէտ վերլուծումը ցոյց կու տայ, որ վիճակը դժուար թէ լաւանայ, եւ մինչեւ 2016 երիտասարդներու շրջանակին մէջ գործազրկութեան ցուցանիշերը բարձր մակարդակի վրայ պիտի մնան», ըսած է ան:
Ըստ գործադիր տնօրէնին, ճգնաժամին իբրեւ արդիւնք առաւել ծանր կացութեան մէջ յայտնուած են զարգացած եւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները, ուր «կարելի չէ եղած գործազրկութեան ցուցանիշերու կրճատման հասնիլ, եւ ընթացիկ տարուան մէջ անիկա կրնայ հասնիլ 18 առ հարիւրի»: Վատ վիճակի մէջ են նաեւ Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպաները, ինչպէս նաեւ Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան անդամ երկիրները, ուր երիտասարդներու շրջանակին մէջ գործազրկութեան մակարդակը 2011-ին 17.6 առ հարիւր եղած է:
Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան նախատեսութեամբ` միջնաժամկէտ հեռանկարին մէջ երիտասարդներու աշխատանքի շուկային վրայ ուժեղ ճնշումը պիտի պահպանուի նաեւ այլ շրջաններու մէջ, ներառեալ` Միջին Արեւելքի, արեւելեան ու հարաւարեւելեան Ասիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ խաղաղովկիանոսեան շրջանին մէջ:
Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութիւնը կը զգուշացնէ, որ խնդիրի անլոյծ մնալուն պարագային ծանր հետեւանքներ պիտի ըլլան:

