Ազրպէյճանի Մէջ Իրանի Դեսպանը Տուն Կանչուած Է
Ազրպէյճանական շարք մը լրատուամիջոցներ` վկայակոչելով դիւանագիտական աղբիւրներ, կը յայտնեն, որ Իրանի իշխանութիւնները երկուշաբթի օր տուն կանչած են Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Պակիր Պահրամին:
Դեսպանի տուն կանչուելուն իբրեւ պատճառ կը նշուի Պաքուի մէջ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէին վիրաւորելու փաստը, սակայն կ՛ենթադրուի, որ դեսպանը Իրան վերադարձած է «խորհրդակցութիւններու համար»:
Անցեալ շաբաթ Պաքուի մէջ Իրանի դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցան բողոքի քանի մը ցոյցեր, որոնք «Իրանի հակաազրպէյճանական քաղաքականութեան» դէմ էին: Ցուցարարները կը պահանջէին նաեւ «դադրեցնել Իրանի ազրպէյճանցիներու իրաւունքներու ոտնահարումները»:
Այդ ցոյցերուն ընթացքին Իրանի բարձրագոյն հոգեւոր եւ աշխարհիկ իշխանութիւններու հասցէին բազմաթիւ վիրաւորական յայտարարութիւններ հնչած են:


