«Գոյութիւն Ունի Երրորդ Կողմ Մը, Որ Կ՛Ուզէ Անանի Ծրագիրը Ձախողութեան Մատնել» Կ՛Ըսէ Քի Մունի Օգնականը
Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ հերթական պայթումը տեղի ունեցաւ: Երեք զոհեր արձանագրուեցան: ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ պայթումի թիրախին մէջ Դամասկոսի ճաշարաններէն մէկը եղած է: Լոնտոնի մէջ գործող Սուրիոյ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան կազմակերպութիւնը իր կարգին յայտնեց, որ պայթումը տեղի ունեցաւ Դամասկոսի Քապուն շրջանին մէջ:
Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ Շիքակոյի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ ունեցած է հանդիպում մը, որուն ընթացքին այլ հարցերու կողքին քննարկուած է նաեւ Սուրիոյ կացութիւնը: Կողմերը հարցին կապակցութեամբ իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են:
Հանդիպումէն ետք Թուրքիոյ նախագահը ըսած է, որ երկու երկիրները «կը փափաքին այդ հարցին մէջ աւելի լուրջ դերակատարութիւն ունենալ: Սուրիոյ հարցը երկու երկիրներու հարցը չէ, եւ անիկա ամբողջ միջազգային ընտանիքը կը հետաքրքրէ»:
Իրաքեան «Սապահ» օրաթերթը` մէջբերելով իրաքեան կառավարութեան մէջ քաղաքական բարձրաստիճան աղբիւրներ, կը հաղորդէ, որ սուրիական տագնապին առնչակից կողմերուն մասնակցութեամբ Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ Սուրիոյ տագնապի լուծման ժողով մը հիւրընկալելու գաղափար մը գոյութիւն ունի` նշելով, որ իրաքեան նշեալ ծրագիրը նախ եւ առաջ կոչ կ՛ուղղէ կազմելու սուրիացի ժողովուրդի բաղադրիչ մասերէն կազմուած ազգային միութեան կառավարութիւն մը եւ անոր տալու ընդդիմութեան հետ բանակցելու լիազօրութիւն, ապա ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը սուրիական ներքին հարցերուն միջամտութիւնը արգիլող որոշում մը կը հրապարակէ:
Իրաքեան ծրագիրը սուրիական ընդդիմութեան եւ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ բախումները դադրեցնելու եւ անմիջապէս զինադադար հաստատելու, իսկ շրջանային եւ միջազգային կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` մինչեւ Արաբական լիկայի եւ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ Սուրիոյ մէջ ուղղակի բանակցութիւնները զէնքերու մատակարարումը դադրեցնելու, ինչպէս նաեւ սուրիական կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` հասարակական ազատութիւնները եւ կուսակցութեանց կազմութիւնը, ընդդիմադիր կուսակցութեանց քաղաքական հրապարակային եւ ապահով կերպով գործունէութիւն ծաւալելը եւ ՄԱԿ-ի հսկողութեան տակ խորհրդարանական ազատ եւ արդար ընտրութիւններ կազմակերպելը արտօնելու:
Օրաթերթը կը յայտնէ, որ ՄԱԿ-ի մասնակցութեամբ ժողովին պիտի հրաւիրուին կառավարութեան եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտարարած է, որ Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծման որոնման ամէնէն առանցքային հանգրուանը սկսած է: Ան Շիքակոյի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին ընթացքին հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշած է, որ Սուրիա կանգնած է քաղաքացիական պատերազմի լուրջ վտանգի առջեւ:
Քի Մունի խաղաղապահական գործողութեանց հարցերով օգնական Հերվէ Լատսոս սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնած է, որ գոյութիւն ունի երրորդ կողմ մը, որ կը ջանայ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրը ձախողութեան մատնել:
«Իսկապէս գոյութիւն ունի երրորդ կողմ մը կամ կողմեր, որոնք իրենց սեփական շահերուն եւ ծրագիրներուն համար կը գործեն: Գոյութիւն ունի երրորդ կողմ մը, որ կազմուած է ահաբեկչական խմբաւորումներէ, սակայն ի վերջոյ կ՛ուզենք, որ այս հարցերու լուծումը նոյնինքն սուրիացիներուն միջեւ ըլլայ», ըսած է ան` աւելցնելով, որ «սուրիացիները պէտք է իրարու հետ նստին»:
Պան Քի Մունի օգնականը շեշտած է, որ «ընդդիմութիւնը զինելը ի շահ սուրիացիներուն չէ եւ զէնքերու ու դրամի մատակարարման ձեւով կրակին վրայ ձէթ թափելը անարդարանալի է»: Նշենք, որ այս յայտարարութիւնները տարածած էին նաեւ ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» եւ չինական «Սինխուա» լրատու գործակալութիւնները:


