Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Իրանի Դէմ Յաւելեալ Պատժամիջոցներ Հաստատած Է

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտը երկուշաբթի օր միաձայնութեամբ հաստատած է Իրանի դէմ տնտեսական նոր պատժամիջոցներ հաստատող օրինագիծը:

Օրինագիծով կը նախատեսուի ընդլայնել ծիրը այն պատժամիջոցներուն, որոնք սահմանուած էին յունուար 2012-ին: Օրին Իրանի Կեդրոնական դրամատան հետ համագործակցող միջազգային կազմակերպութիւններու արգիլուած էր կապ պահպանել ամերիկեան ելեւմտական հիմնարկներու հետ:

Ծերակոյտին հաստատած նախագիծով կը նախատեսուի պատժամիջոցներու կիրարկում իրանի պետական երկու` Իրանի պետական քարիւղի ընկերութեան եւ «Նեշընըլ Իրանիըն Թանքըր» ընկերութեան դէմ: Այսպիսով, նախագիծի հեղինակները յոյս ունին, որ ամբողջութեամբ պիտի փակուի այն ճամբան, որուն միջոցով Իրանը կը շարունակէ քարիւղի արտահանումը:

Նախապէս, Ներկայացուցիչներու տունը նոյնպէս պատժամիջոցները խստացնելու մասին նախագիծ որդեգրած էր: Այժմ ծերակուտականներն ու քոնկրեսականները պէտք է մշակեն փոխզիջումային փաստաթուղթ մը, որ վաւերացման համար պիտի ներկայացուի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային:

Միացեալ Նահանգներ եւ շարք մը պետութիւններ Իրանի դէմ պատժամիջոցները խստացուցած էին այն բանէն ետք, երբ 2011-ին Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը հրապարակած էր զեկուցում մը, ըստ որուն, Թեհրան 2003-էն ի վեր կը զբաղի հիւլէական զէնքի ստեղծումով: Իրան իր կարգին կը շարունակէ պնդել, որ իր հիւլէական ծրագիրը խաղաղ նպատակներ կը հետապնդէ:

Նշենք, որ այսօր Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ տեղի պիտի ունենայ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ Իրանի եւ «5+1»-ի միջեւ բանակցութիւններու հերթական հանդիպումը:

 

Share this Article
CATEGORIES