Կիւլ Եւ Օպամա Խօսած Են Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններուն Մասին
Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Շիքակոյի մէջ տեղի ունեցած ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ դռնփակ հանդիպում մը ունեցած են: Շուրջ կէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին երկու նախագահները այլ հարցերու կողքին քննարկած են նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու խնդիրը:
Հանդիպումէն ետք Կիւլ յայտնած է, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ Հայաստանի եւ Կիպրոսի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները, սակայն յաւելեալ մանրամասնութիւններ չէ փոխանցած:
«Այդ հարցին մէջ մեր տեսակէտը գիտէք, բազմիցս այդ մասին խօսած ենք, այդ երկու հարցերը մեզի համար շատ կարեւոր են: Յառաջիկային պէտք է այս խնդիրներուն շուրջ յառաջընթաց արձանագրենք: Միացեալ Նահանգներու նախագահը ըսաւ, որ իրենք այդ երկու խնդիրներուն լուծումը կարեւոր կը նկատեն», հանդիպումէն ետք լրագրողներուն ըսած է Կիւլ:
Հանդիպումին ընթացքին Կիւլ նաեւ պահանջած է դիւրացնել Միացեալ Նահանգներու կողմէ Թուրքիոյ առանց օդաչուի թռչող սարքեր վաճառելու հոլովոյթը: Ան յիշեցուցած է, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Թուրքիա Միացեալ Նահանգներու գործընկերն է, սակայն առանց օդաչուի թռչող սարքեր գնելու հոլովոյթին մէջ յաճախ խոչընդոտներու կը հանդիպի:

