Հըզպալլայի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Երէկ Հըզպալլայի պատուիրակութիւն մը այցելեց ՀՅԴ «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր դիմաւորուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեանի կողմէ:
Պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամ Ղալեպ Ապու Զէյնապ, նախկին երեսփոխան Ամին Շըրրի եւ տոքթ. Ալի Տահեր, ՀՅԴ-ի պատասխանատուներուն հետ խորհրդակցեցաւ լիբանանեան ներքաղաքական վերջին իրադարձութեանց ու շրջանի իրավիճակին շուրջ` շեշտելով ներքին շարքերու միասնականութիւնն ու լիբանանեան բոլոր կողմերուն հետ հաղորդակցելու անհրաժեշտութիւնը` կայունութեան պահպանման եւ ամրապնդման համար: Ժողովականները անհրաժեշտ նկատեցին նաեւ երկխօսութեան դիմելու քայլը` իբրեւ միակ միջոց տարակարծութեանց հարթումին ու հարցերու լուծման:

