Հաղորդագրութիւն
Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ վերջերս Թրիփոլիի մէջ ինկած զոհերու ծնողներուն եւ Աքքարի Քուէյխաթ գիւղաքաղաքին ցաւալի դէպքին առիթով ու կոչ կ՛ուղղէ բոլորին անսալու տրամաբանութեան լեզուին եւ չափաւորութեան ու հեռու մնալ քաղաքական պարանաձգութիւններէն` մերժելով ամէն տեսակի եղբայրասպան կռիւները:
Այս ծիրին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը շեշտէ պետական հաստատութեանց ու ապահովական ուժերու, յատկապէս` բանակին շուրջ համախմբուելու անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ զինուորական այդ հաստատութիւնը կը նկատենք կայունութեան ամրապնդման փրկութեան լաստը:
Կոչ կ՛ուղղենք քաղաքական բոլոր կողմերուն երկխօսութեան դիմելու հարցերու լուծման համար, որպէսզի երկիրը հեռու պահենք իյնալէ ոլորապտոյտի մը մէջ, ուրկէ դուրս գալը դժուար է ու մեզ կը վերադարձնէ այնպիսի օրերու, զորս ոչ մէկ լիբանանցի կ՛ուզէ երթալ, յատկապէս շրջանին մէջ տիրող այժմու ժխտական իրադարձութեանց ու տագնապներուն լոյսին տակ:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

