Տասներեք Լիբանանցի Ուխտաւորներ Առեւանգուեցան Սուրիոյ Մէջ
Սուրիոյ դէպքերու արձագանգներու աննախընթաց քայլով մը, երէկ տասներեք լիբանանցի ուխտաւորներ Իրանէն իրենց վերադարձին թուրք-սուրիական սահմանին մօտ Ազեզ շրջանին մէջ առեւանգուեցան անծանօթներու կողմէ: Նախնական տեղեկութեանց համաձայն, ընդդիմադիր Սուրիական ազատ բանակը արգելափակած է Իրանէն Սուրիոյ ճամբով վերադարձող ուխտաւորներու փոխադրակառքը, եւ ազատ արձակելէ ետք կիներն ու երեխաները, առեւանգած է տասներեք լիբանանցիներ: Կիներուն հետ յղած իրենց պատգամին մէջ, առեւանգիչները յայտնած են, որ այս քայլին կը դիմեն առեւանգեալները փոխանակելու համար իրենց համակիր արգելափակեալներուն հետ:
Առեւանգումի լուրը կայծակի արագութեամբ տարածուեցաւ առեւանգեալներուն ընտանեկան պարագաներուն եւ ժողովուրդին մօտ, որոնք անմիջապէս փողոց իջնելով սկսան փակել Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու ճամբաները` հասնելով մինչեւ օդակայանի ճամբաները:
Աւելի ուշ, ազատ արձակուած կիներէն ոմանք եւ յատկապէս նշեալ ուխտագնացութեան` «Պատր էլ Քուպրա» արշաւին նախաձեռնող կինը յայտնեց, որ ազատ արձակուած կիներն ու երեխաները կը գտնուին Հալէպի «Արզ Լուպնան» պանդոկին մէջ` սուրիական բանակի հսկողութեան տակ, եւ թէ լաւ վիճակի մէջ են:
Դէպքը իր վրայ կեդրոնացուց տեղական թէ արտաքին պատասխանատու շրջանակներու ուշադրութիւնը: Այս ծիրին մէջ, երեսփոխան Ալի Ամմար առեւանգեալներու ընտանեկան պարագաներուն հետ խորհրդակցելէ ետք հակիրճ յայտարարութեամբ մը կոչ ուղղեց անոնց եւ ցուցարար համակիրներուն հանգստանալու ու վերաբանալու ճամբաները` նշելով, որ բարձր մակարդակի շփումներ կը կատարուին այս գծով: Ան աւելցուց նաեւ, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ Սէյիտ Հասան Նասրալլա կապի մէջ մտած են պատկան կողմերուն, յատկապէս` վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի հետ:
Աւելի ուշ, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Սէյիտ Հասան Նասրալլա պատկերասփռուած յայտարարութեամբ հանգստացուց ցուցարարներն ու յատկապէս` առեւանգեալներու ընտանեկան պարագաները, թէ` անհրաժեշտ քայլերուն դիմուած է այս հարցին լուծման համար, եւ կոչ ուղղեց վերաբանալու ճամբաները, որպէսզի օտար տարրեր առիթէն օգտուելով երկպառակիչ արարքներ չգործեն:
Աւելի ուշ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը ազատ արձակուած կիներն ու երեխաները յատուկ օդանաւով Հալէպէն Դամասկոս, ապա ուղղակի Պէյրութ փոխադրել պիտի տայ:
ՄԻՒՍ կողմէ, Սուրիական ազատ բանակին ուղղելով իր խօսքը, «Պատր էլ Քուպրա» արշաւի նախաձեռնողին եղբայրը «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին կատարած իր յայտարարութեամբ ըսաւ. «Եթէ կը վախնաք ձեր հետեւորդներուն ազատութեան վրայ, մեզ մի՛ մղէք ոչ քաղաքակիրթ քայլերու դիմելու» նշելով, որ Լիբանանի մէջ բազմաթիւ սուրիահպատակներ եւ սուրիացի գաղթականներ կան, բայց իրենք ոչ մէկ քայլի դիմած են անոնց դէմ:


