«Լիբանան Կը Գտնուի Անկիւնադարձային Հանգրուանի Մէջ» «Վանայ Ձայն»-ին Յայտնեց Սարգիս Նաում
«Վանայ Ձայն»-ի արաբերէն յայտագիրէն խօսնակ Հալա Հատտատի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, լիբանանցի վերլուծաբան, «Նահար» օրաթերթի քաղաքական մեկնաբան Սարգիս Նաում երէկ յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի անկիւնադարձային հանգրուանի մէջ: Անդրադառնալով շրջանային, միջազգային եւ յատկապէս Լիբանանի իրադարձութեանց, լրագրող Սարգիս Նաում նշեց, որ դէպքերը առաւել եւս կը յստականան ամերիկեան նախագահական ընտրութիւններէն ետք: Ան խօսեցաւ շրջանային ու միջազգային կարգ մը պետութեանց մտավախութեանց մասին, ինչպէս` Ռուսիոյ մտահոգութիւնը նախկին Խորհրդային Միութեան (կեդրոնական Ասիոյ) թրքալեզու պետութիւններէն, թրքական վերանորոգ օսմանեան ախորժակներէն, իսլամական վարչակարգերու ստեղծման հաւանականութիւններէն եւ այլն:
Ան նաեւ անդրադարձաւ լիբանանեւսուրիական սահմանին վրայ արգիլեալ գօտիի մը ստեղծման հաւանականութեան` վերլուծելով նման քայլի մը կանխարգիլման դրդապատճառները:
Այս առիթով քաղաքական մեկնաբան Սարգիս Նաում իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ «Վանայ ձայն»-էն կը խօսի, որովհետեւ գիտէ, թէ ունի բազմաթիւ հայ ընթերցողներ, որոնք այլեւս աւելի լաւ կը խօսին ու կ՛ըմբռնեն արաբերէնը: Ան կոչ ուղղեց, որ հայեր պահեն իրենց այժմու կեցուածքը, որովհետեւ անոնք երբեք բրտութեան կողմնակից եղած չեն եւ միշտ ջատագով հանդիսացած են խաղաղարար միջնորդութեան նախաձեռնութեանց:

