Նախագահ Սլէյման Կը Խտացնէ Իր Հաղորդակցութիւնները Զանազան Ուղղութիւններով

Նախագահ Սլէյման` զօր. Ռիֆիի եւ գնդ. Հասանի հետ հանդիպման ընթացքին

Նախագահ Միշել Սլէյման երէկ զանազան հաղորդակցութիւններ ունեցաւ երկրի վերջին իրադարձութեանց ու այլ առկախ հարցերու քննարկման ուղղութեամբ:

Այս ծիրին մէջ ան ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին` իր եւ Լիբանանի յանձնառութիւնը արտայայտելով «Լիբանան ժամանող արաբ եւ յատկապէս սէուտցի եղբայրներու ապահովութեան ու արժանապատուութեան պահպանման գծով»:

Նախագահ Սլէյման նաեւ ընդունեց ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆին եւ նոյն կառոյցի տեղեկահաւաքի բաժանմունքի պետ գնդ. Ուիսամ Հասսանը, որոնց հետ պարզեց ապահովական կառոյցներու որդեգրած միջոցառումները` վերջին զարգացումներու հետապնդման գծով:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրիի հետ խորհրդակցեցաւ յառաջիկայ 5 յունիսին Պաապտայի պալատէն յայտարարուելիք «Կենսոլորտի օր»-ուան մանրամասնութեանց մասին:

Share this Article
CATEGORIES