Տասը Օրերու Արգելափակումէ Ետք Շատի Մաուլաուի Ազատ Արձակուեցաւ
Օտար կազմակերպութեանց, յատկապէս` Քայիտայի ցանցին հետ գործակցութեան յանցանքով տասը օրերէ ի վեր արգելափակուած Շատի Մաուլաուի երէկ 500 հազար լ. ոսկիի երաշխաւորագինով ազատ արձակուեցաւ մէկուկէս ժամ տեւած հացաքննութենէ ետք, որ երրորդն էր անոր արգելափակումէն ի վեր: Ազատ արձակման լուրին առընթեր ցնծութեան կրակոցներով ու կոչերով Մաուլաուիի համակիրներ համախմբուեցան Թրիփոլիի Նուր հրապարակին վրայ: Մաուլաուի իր պաշտպան փաստաբանին` Նեպիլ Հաֆզայի ընկերակցութեամբ նախ եւ առաջ ուղղուեցաւ նախարար Մոհամետ Սաֆատիի գրասենեակը, ուր ձերբակալուած էր ան: Նախարար Սաֆատիի շնորհակալութեան այցելութեան ընթացքին Մաուլաուի յայտնեց, որ հարցաքննութեան բիրտ միջոցառումներու եւ ճնշումի տակ ստիպուած «խոստովանած» էր այնպիսի բաներ, զորս չէր կատարած: «Իսկ այսօր այդ բոլորը հերքեցի դատաւորին առջեւ», ըսաւ Մաուլաուի` ընդգծելով, որ ինք արգելափակուած էր, որովհետեւ օգնած էր սուրիացի գաղթականներուն:
Ժողովրդային ցնծութեան մթնոլորտի մէջ, մէկէ աւելի պատասխանատուներ եւ անձնաւորութիւններ խօսք առին «Նուր» հրապարակին վրայ` շեշտելով, որ Մաուլաուի անմեղ էր:
Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել մամլոյ ասուլիս մը տալով յայտնեց, որ Մաուլաուի ազատ արձակուեցաւ, բայց կրնայ կրկին հարցաքննուիլ ըստ այս հարցի հետագայ զարգացումներուն: «Այս հարցի հիմնական տարրը` յորդանանցի արգելափակեալը տակաւին հարցաքննութեան տակ է», շարունակեց նախարար Շարպել` ընդգծելով, հերքելով, որ Մաուլաուիի ազատ արձակումը կատարուած էր քաղաքական ճնշումներու իբրեւ արդիւնք: Եթէ այդպէս ըլլար, առաջին իսկ օրէն ան ազատ կ՛արձակուէր», շեշտեց Շարպել:
Միւս կողմէ, ներքին գործոց նախարարը իր մտավախութիւնը յայտնեց երկրին ընդհանուր իրավիճակին գծով` յայտնելով, որ այս ընթացքով Լիբանան դէպի բաժանում կ՛երթայ:
Մաուլաուիի փաստաբան Նեպիլ Հաֆզա իր պաշտպանեալին ազատ արձակման առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստած էին Մաուլաուիի ազատ արձակման, յատկապէս վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ նախարար Մոհամետ Սաֆատիի:
Մաուլաուիի ազատ արձակումէն ետք, հետզհետէ բացուեցան փակուած ճամբաները եւ քակուեցան Թրիփոլիի հրապարակին վրայ լարուած բողոքի վրանները:



