Ժողովրդային Խաղաղ Ցոյցեր` Առ Ի Զօրակցութիւն Լիբանանեան Բանակին

Թրիփոլիի վերջին դէպքերուն եւ Քուէյխաթի միջադէպին պատճառով լիբանանեան բանակին դէմ անվստահութեան ու թշնամական արտայայտութեանց իբրեւ հակազդեցութիւն, մեթնի, յատկապէս Տորայի, Պաուշրիէի, Զալքայի եւ մերձակայ շրջաններու բնակիչներ երէկ յետմիջօրէին ինքնաշարժներով շրջագայեցան նշեալ թաղամասերուն մէջ` պարզելով լիբանանեան դրօշակներ եւ բանակին զօրակցող կարգախօսներ:

Անոնք յայտնեցին, որ իրենց շարժումը խաղաղ բնոյթ ունի եւ կու գայ վերահաստատելու լիբանանեան բանակին նկատմամբ ժողովրդային զօրակցութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES