Զօր. Աուն Դատապարտեց Բանակին Դէմ Գործածուող Թշնամական Ոճը
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, երէկ համախմբումի հերթական նիստի աւարտին բուռն կերպով դատապարտեց լիբանանեան բանակին դէմ վերջերս արձակուած թշնամական վերաբերմունքներն ու հրամանատարութեան ուղղուած հրաժարումի կոչերը:
Ան յայտնեց, որ արգելափակեալ երեք սպաներն ու 19 զինուորները պէտք չէ հարցաքննուին, այլ պատկան դատական մարմիններուն եւ դատաւորներուն առջեւ փոխանցեն իրենց վկայութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան


